ԱՐՑԱԽ – Ազերպայճանի յաջորդական թիրախը՝ Հադրութի Մարիամաձոր գիւղն է

Ազերպայճանագէտ, Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան Յովիկ Ավանէսով դարձեալ ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ բռնագրաւուած Արցախի մէջ կը շարունակուի հայկական բնակելի թաղերու, բնակավայրերու, մշակութային յուշարձաններու ոչնչացումը։

«Հայկական յուշարձաններու, թաղերու եւ բնակավայրերու ոչնչացումը նոյն թափով կը շարունակուի։ Ազերպայճանի հայատեաց քաղաքականութեան թիրախը այս անգամ Հադրութի շրջանի Մարիամաձոր գիւղն է: Այս տեղեկութեան հասու դարձանք թելեկրամեան ալիքներու կողմէ 2025 Փետրուար 4-ին հրապարակուած լուսանկարէն:

Այս բոլոր փաստերը  անգամ մը եւս կը վկայեն, որ Արցախի տարածքին գտնուող ամբողջ համամարդկային արժէք ներկայացնող ժառանգութիւնը ամբողջական ոչնչացման եւ իւրացման վտանգի տակ է, որ ինքնին մշակութային ցեղասպանութիւն է»,– կ՚ըսէ Ավանէսով։