ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Պերլինի մէջ հրատարակուած է «Քսա­ներորդ դա­րը՝ քեր­թո­ւածք եւ ար­ձակ Հա­յաս­տա­նէն» հատորը

Գերմանիոյ մէջ լոյս տե­սած է նոր գիրք մը, որ ի մի կը բե­րէ հայ գրա­կանու­թեան ան­ցեալ դա­րու առա­ջատար բա­նաս­տեղծնե­րու եւ գրող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը։

«Քսա­ներորդ դա­րը՝ քեր­թո­ւածք եւ ար­ձակ Հա­յաս­տա­նէն» խո­րագ­րով հրա­տարա­կուած գիր­քին մէջ տեղ գտած են թէ՛ արեւմտա­հայ թէ՛ արե­ւելա­հայ մտա­ւորա­կան­նե­րուն գլուխ-գոր­ծոցնե­րը, որոնք կը բնո­րոշեն ազ­գա­յին եւ հա­մամարդկա­յին գա­ղափար­նե­րու ներ­դաշնակ զու­գակցու­մը։

Թարգմա­նաբար գեր­մա­ներէն լե­զուով հրա­տարա­կուած գիր­քը հա­ւաքա­ծոյ մըն է, որ կ՚ընդգրկէ 33 բա­նաս­տեղծնե­րու եր­կե­րը։

Շուրջ 230 էջե­րէ բաղ­կա­ցած հատորին գեր­մա­ներէն թարգմա­նու­թիւնը ստանձնած է Պեր­լի­նի «Frei» հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս, բա­նասէր դոկտ. Ժի­րայր Քո­չարեան։ Թարգմա­նու­թեան աշ­խա­տան­քի աւար­տին լրա­ցու­ցիչ լու­սա­բանու­թեամբ գիր­քը վե­րաշա­րադ­րած է գեր­մա­նացի բա­նասէր եւ ըն­կե­րաբան Դոկտ. Թե­սա Հոֆ­ման։

Հայ գրող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը որ­պէս հա­ւաքա­ծոյ ըն­թերցո­ղին կը ներ­կա­յացո­ւին եօթը հիմ­նա­կան վեր­նագրե­րու ներ­քեւ, փոր­ձե­լով պար­զե­լ հե­տեւեալ հարցումին պա­տաս­խա­նը, որ մատ­նանշուած է գիր­քի կողքին վրայ.

«Հա­յերու հա­մար քսա­ներորդ դա­րը ամե­նաող­բերգա­կանն էր, ող­բերգու­թիւննե­րով հա­րուստ իրենց պատ­մութեան մէջ։ Ան բե­րաւ զան­գո­ւածա­յին աւե­րածու­թիւններ եւ պատ­մա­կան բնա­կավայ­րի գրե­թէ ամբողջական կո­րուստ, եր­կու հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազմնե­րու եւ Խորհրդա­յին բռնա­պետու­թեան տակ մնա­ցած հայ­րե­նիքի բա­ժանում։ Հայ գրող­նե­րը ինչպէ՞ս դի­մագ­րա­ւեցին կեան­քի ու հայ­րե­նիքի կո­րուստի այս սրըն­թաց յա­ջոր­դա­կանու­թիւնը, որ միայն կարճ ժա­մանա­կով ընդհա­տուած է ու­նայն յոյ­սով։ Ի՞նչը անոնց ուժ եւ վստա­հու­թիւն տո­ւաւ»։

Հար­ցո՛ւմ, որ կա­րելի է ըն­կա­լել այժմէական, յատ­կա­պէս Ար­ցա­խեան կո­րուստէն յե­տոյ։ Են­թադրե­լի է որ գիր­քի հե­ղինակ­նե­րը այս պատ­ճա­ռով չեն զլա­ցած Ար­ցա­խեան եռա­գոյ­նը եւս աւելցնել գրա­շապի­կին։

Փետրուար 1-ին, Պերլինի «Հայ տուն»-ին մէջ տեղի ունեցած է գիրքին շնորհահանդէսը, ուր ներկայ եղած են զոյգ հեղինակները՝ Ժի­րայր Քո­չարեան եւ Թե­սա Հոֆ­ման, տեղ­ւոյն հա­մայնքի ան­դամներ, ինչպէս նաեւ այլ հիւ­րեր։ 

Հատորին հե­ղինակ­նե­րը հա­յերէն եւ գեր­մա­ներէ­ն ըն­թերցումներ կա­տարած են Դա­նիէլ Վա­րու­ժանի, Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեանի, Պա­րոյր Սե­ւակի, Եղի­շէ Չա­րենցի, Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի, Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանի եւ գիր­քին մէջ լոյս տե­սած այլ հայ գրող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րէ հատուածներ։

Հան­դի­սաւո­րու­թեան աւար­տին տե­ղի ու­նե­ցած ըն­դունե­լու­թեամբ ներ­կա­ները առի­թը ու­նե­ցած են զրուցելու գիր­քին հե­ղինակ­նե­րուն հետ։

Լուսանկար՝ Հրանդ Գասպարեանի

(Քաղուած՝ «Ակօս»-ի մէջ լոյս տեսած Հրանդ Գասպարեանի թղթակցութենէն)