Գերմանիոյ մէջ բացուած է Թումօ Հիրշայտը

Գերմանիոյ մէջ բացուած է Թումօ Հիրշայտը, որ իր տեսակին մէջ 3-րդն է երկրի տարածքին։

500-է աւելի պատանիներու համար նախատեսուած նորաբաց կեդրոնը արդէն բացման օրն իսկ լի եղած է ուսանողներով: Ծրագրաւորման, նկարչութեան, ռոպոթաշինութեան, խաղերու, լուսանկարչութեան եւ ֆիլմերու ստեղծման եւ այլ բնագաւառներ առաջարկող կրթական ծրագիրը արդէն ունի 200-է աւելի հետեւորդ:

Թումոյի գերմանական ցանցը, որ կը ներառէ Պերլինի եւ Մանհայմի կեդրոնները, շուտով կ՚ամբողջացուի երեք նոր կեդրոնով՝ Թումոյի քարտէսին վրայ կը յայտնուին նաեւ Լիւտենշայտ, Զաարպրիւքեն և Էսսեն քաղաքները՝ հետեւելով Հիրշայտին։

Գերմանիոյ մէջ Թումոյի հիմնական գործընկերներն են KfW դրամատունը, Կրթութեան եւ հետազօտութիւններու նախարարութիւնը, Dietmar Hopp հիմնադրամը, Մանհայմի քաղաքապետարանը եւ Starkmacher-ը: