Երեւանի մէջ կը տեղադրուի քանդակագործ Սարգիս Բաբայեանի հեղինակած Միսաք Մանուշեանի կիսանդրին

Երեւանի մէջ կը տեղադրուի Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի՝ քանդակագործ Սարգիս Բաբայեանի հեղինակած կիսանդրին:

Երեւանի քաղաքապետարանէն կը հաղորդեն, թէ կիսանդրիին համար յայտարարուած բաց մրցոյթի աւարտին ստացած են տասը դիմում։ Դատակազմը կատարած է իր ընտրութիւնը: Սարգիս Բաբայեանի հեղինակած ստեղծագործութիւնը ստացած է 10 ձայն, երկրորդ տեղը 2 ձայնով գրաւած է Արմենակ Վարդանեանի քանդակը:

Կիսանդրին պիտի տեղադրուի «Միսաք Մանուշեան» հանրապարտէզին մէջ: