ԵՐԵՒԱՆ – «Ֆրանսական գեղարուեստական գրականութեան հայերէն թարգմանութիւնները» խորագրով ցուցահանդէսը

Ֆրանսախօսութեան երկամսեայի ծիրէն ներս, Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ կը կազմակերպուին «Ֆրանսա-Հայաստան. դիւանագիտական եւ միջմշակութային փոխյարաբերութիւններ» միջազգային գիտաժողովը, ֆրանսական ժապաւէններու եւ գրականութեան ցուցադրութիւններ եւ այլ ձեռնարկներ։

Մարտ 6-ին, Գրադարանին մէջ ֆրանսախօսութեան երկամսեայի բացումը կատարուած է «Ֆրանսական գեղարուեստական գրականութեան հայերէն թարգմանութիւնները» խորագրով ցուցահանդէսով։

Ներկայացուած են բացառիկ ցուցանմուշներ, յատկապէս, Ոսկան Երեւանցիի՝ Լուտովիկոս 14-րդին ուղղուած նամակին պատճէնը, պրայլեան (braille) գիրերով Կի տը Մոփասանի եւ Ալպէր Գամիւի գիրքերը, դասական գրողներու հին ու նոր հրատարակութիւններ, ժամանակակից հեղինակներու գիրքեր եւ այլն։

Գրադարանի Տպագրութեան թանգարանի տնօրէն Բալասան Յարութիւնեան, ներկայացնելով ցուցադրուած գրականութիւնը, անդրադարձած է ֆրանսացի գրողներու, Մխիթարեան միաբանութեան թարգմանութիւններու, Ճանիկ Արամեանի, Մկրտիչ Փորթուգալեանի եւ Շուշիի տպարաններու գործունէութեան։

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Մարտ 20։