Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւն – Նոր նշանակումներ

Նուրհան արք. Մանուկեան պատրիարքի տնօրինութեամբ կատարուած են նոր նշանակումներ:

Արշակ աբեղայ Ղազարեան, ազատ կացուցուելով Պատրիարք հօր գաւազանակիրի եւ անձնական քարտուղարի պաշտօնէն, իր ծառայութիւնը պիտի շարունակէ որպէս Սուրբ Թէոդորոս ձեռագրատան եւ Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան թանգարանի տեսուչ:

Սիոն աբեղայ Թաքուշեան նշանակուած է Պատրիարք հօր գաւազանակիր եւ անձնական քարտուղար: