Թուրքիոյ մէջ պանդոկ մը այրած է

 

Առնուազն 76 մեռեալ կայ

Յունուար 21-ին, Թուրքիոյ հիւսիսային Պոլու քաղաքը գտնուող պանդոկներէն մէկուն մէջ հրդեհ ծագած է:

Դէպքին վայրը մեկնած են մեծ թիւով փրկարարական, շտապօգնութեան եւ ոստիկանական ջոկատներ:

Նոյն օրը կէսօրէ ետք կը հաղորդուէր առնուազն 76 մեռեալի մասին։ Վիրաւորներուն թիւն ալ 50-էն աւելի է։ Դէպքին հանգամանքները պարզելու նպատակով հետաքննութիւն կը կատարուի։

Կ՚ըսուի, թէ ձմեռնային զբօսանքի աւանի մը մէջ գտնուող պանդոկը ծայրէ-ծայր լեցուն էր երկրին մէջ նոր սկսած դպրոցական արձակուրդի այս օրերուն։

Իշխանութիւնները մէկօրեայ սուգ հռչակած են։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Թուրքիոյ։