ԼԻԲԱՆԱՆ – Վերջին օծում եւ կարգ թաղման՝ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի

Ինչպէս հաղորդած էինք, Փետրուար 1-ին, իր մատղաշ տարիքին ի Տէր հանգաւ հայ եկեղեցւոյ ծառայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռի հաւատարիմ զաւակ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան՝ զոհ դառնալով անողորմ ոճիրի մը։

Արդարեւ, օրհնութեամբ Արամ Ա. հայրապետին, Փետրուար 4-ի առաւօտեան, հայկական աւան Այնճարի (Լիբանան) Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս պատարագի մատուցման, կատարուեցաւ հոգելոյս հայր սուրբին վերջին օծման արարողութիւնը, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու։

Օծման արարողութեան աւարտին, Սրբազանը յաւուր պատշաճի իր քարոզին մէջ նշեց. “Այսօր հողին կը յանձնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երիտասարդ ու ընտիր ուժերէն մէկը։ Ան, փոքր հասակէն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքեան դաստիարակութեան շնորհիւ, քաղած էր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի սպասաւորութեան խորհուրդը, որ ի վերջոյ զինք պիտի առաջնորդէր խոնարհ հոգիով վերցնելու ծառայութեան լուծը։ Իբրեւ հոգեւորական մարդ ու վարչական աշխատանքներու պատասխանատու, առատաշնորհ մշակ էր ողբացեալը։ Արդարեւ, թէեւ շատ կարճ եղան հայր սուրբին ծառայութեան տարիները, սակայն իբրեւ ջերմութիւն ու խրախոյս փոխանցող խանդավառ քարոզիչ, Իրանէն մինչեւ Լիբանան, ան գործեց եռանդով ու իր բոլոր աշխատանքներուն մէջ զետեղեց նուիրում, խանդ ու եռանդ եւ ամէն տեղ արժանացաւ մեր ժողովուրդի սիրոյն ու գնահատանքին։ Վարձքդ կատար, սիրելի հայր սուրբ”։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հանգուցեալ Անանիա ծայրագոյն վարդապետի մարմինը փոխադրուեցաւ Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ թաղման գերեզմանի կարգի արարողութիւնը, նախագահութեամբ Արամ Ա. հայրապետի եւ մասնակցութեամբ պետական, կուսակցական ու միութենական բարձրաստիճան պատասխանատուներու ու ներկայացուցիչներու։ Շարականներու, աւետարանական ու առաքելական նամակներու ընթերցանութեամբ՝ Հայրապետը կատարեց հողի օրհնութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գերեզմանի կնքման արարողութիւնը։

Աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Վեհափառ հայրապետը ընդունեց ցաւակցութիւններ։