ԼՈՆՏՈՆ/ՆԻՒ ԵՈՐՔ – Պլումզպըրի հրատարակչութեան Ի. Պ. Թորիս մասնաճիւղը կը յայտարարէ դոկտ. Յասմիկ Խալափեանի «Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանի հայ կիներու շարժումը. արդիականութիւն, ազգայնականութիւն եւ սեռ» գիրքին հրատարակութիւնը: Գիրքը մաս կը կազմէ Պետրոս Տէր Մաթոսեանի (Նեպրասքայի համալսարան, Լինքըլն) խմբագրած «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհի մէջ» շարքին:
Օսմանեան կայսրութեան վերջին տասնամեակները վկայ եղան բուռն վիճաբանութիւններու եւ փոփոխութիւններու ընկերութեան մէջ կիներու դերին մասին: Այս գիրքը կը վերլուծէ օսմանահայ կիներու շարժումին պատմութիւնը: Քննելով հայկական համածիրին մէջ կիներու դերին մասին վիճաբանութիւնները, հայ կիներու կրթութեան, աշխատանքի եւ ամուսնական իրաւունքներու մատչելիութիւնը, ան կը բացայայտէ թէ ինչպէս կիները աւելի հզօր դարձան շնորհիւ ազգայնական խօսոյթներուն եւ կայսրութեան մէջ բարեփոխումներու աւելի լայն շարժումին, եւ այն ուղիները՝ որոնք սահմանափակեցին կամ ընդլայնեցին կիներու գործունէութիւնը: Արխիւային սկզբնաղբիւրներու լայն շարքէ մը օգտուելով, հեղինակը կը տրամադրէ համապարփակ եւ համեմատական վերլուծութիւն մը՝ Թանզիմաթի շրջանի (բարենորոգումներու շրջանի – 1839-1876) վերջէն մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի սկիզբը օսմանահայ կիներու ընկերատնտեսական, քաղաքական, մշակութային կարգավիճակի փոփոխութիւններուն մասին:
Խալափեան գիրքին մասին կ՚ըսէ. «Շատ ուրախ եմ որ իմ երկար տարիներու հետազօտական ծրագիրս իրականացած է այս հատորով: Կիներու պատմութիւնը երկար տարիներ հանդիսացած է էական մէկ մասը համաշխարհային գիտութեան, եւ ուրախ եմ որ այս գիրքը, որ նուիրուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ կիներու շարժումի պատմութեան, իր տեղը պիտի գտնէ համաշխարհային կիներու պատմութեան աւելի ընդարձակ բնագաւառին մէջ»:
Խալափեանի համաձայն, Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին հայ կիներու շարժումը ծագեցաւ ազգային, կայսերական եւ եւրոպական ուժերու բարդ փոխազդեցութենէն, ուր կիները թէ՛ ձեւաւորեցին իրենց ժամանակի զարգացող ազգայնական եւ արդիապաշտական իտէալները, թէ՛ ալ ձեւաւորուեցան անոնցմով: «Նոր ազգ»-ի շուրջ վիճաբանութիւններուն եւ կայսրութիւնը համակած մշակութային, իրաւական, տնտեսական եւ ընկերային փոխակերպումներուն մէջ, Խալափեան ցոյց կու տայ թէ ինչպէս կիները կառավարեցին աւանդութեան եւ արդիականութեան միջեւ լարումը՝ գործուն կերպով նպաստելով ազգայնական ծրագրերուն: Անոնք այդ ըրին ոչ միայն կատարուող բարենորոգումներուն մէջ իրենց իրաւունքները պաշտպանելով, այլ նաեւ կրթութեան, ընկերային, աշխատանքի եւ ընտանեկան կառոյցներուն մէջ նոր ուղիներ հարթելով:
«Իմ նպատակը եղած է ցոյց տալ որ կիներու ակտիվիզմը անբաժանելիօրէն կապուած էր թէ՛ տեղական եւ թէ՛ համաշխարհային կացութաձեւերուն, յատկանշուած՝ եւրոպական ազդեցութեան, օսմանեան քաղաքականութիւններու եւ հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումներուն միջեւ», կ՚ըսէ Խալափեան ու կը շարունակէ. «Գիրքին մէջ ներկայացուած այս փոխազդու ուժերու նրբին քննութեան միջոցով, կը յուսամ որ իմ ընթերցողները պիտի տեսնեն հայկական արդիականութեան բազմակողմանի բնոյթը եւ պիտի ձեռք բերեն աւելի հարուստ հասկացողութիւն մը այն բարդ շարժառիթներուն մասին, որոնք ձեւաւորեցին հայ համայնքը եւ այն կիները, որոնք առանցքային դերեր խաղացին անոր փոխակերպման մէջ»:
«Սա յիշատակելի ուսումնասիրութիւն մըն է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ կիներու շարժումի պատմութեան մասին, նիւթ մը որ երկար ժամանակ մնացած է անտեսուած», կ՚ըսէ շարքի խմբագիր Տէր Մաթոսեան: «Խալափեան յաջողութեամբ հիւսած է շարժումին պատմութիւնը՝ զայն տեղադրելով կիներու շարժումներու համաշխարհային, տարածաշրջանային եւ տեղական համածիրերուն մէջ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։