Երեքշաբթի, Փետրուար 4-ին, Համահայկական ձմեռնային խաղերու մասնակից Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը ստացաւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տըքոթինյիի անակնկալ հրաւէրը ճաշի՝ Ջերմուկ ճաշարանին մէջ։
Պատուիրակութենէն 19 անդամ շատ հաճելի ու մտերմիկ երեկոյթ մը անցուցին Ջերմուկի ձիւնապատ քաղաքին մէջ։ Ոչ մէկ այլ երկրի պատուիրակութիւն արժանացաւ իր երկրի դեսպանի այցելութեան։
Պատուիրակութեան անդամները պատիւն ունեցան դեսպանին հետ անձնական շփում ունենալու։ Դեսպանը ճաշի ընթացքին, երեք անգամ տեղ փոխեց տարբեր խմբակներու հետ զրուցելու, ներկաներուն հետ մէկ առ մէկ ծանօթանալու համար։ Այս առթիւ պատուիրակութեան պատասխանատուն՝ Հերմինէ Տիւզեան դեսպանին նուիրեց ֆրանսահայ մարզիկներուն կրած համազգեստը։
Դեսպան Տըքոթինյիի այցելութիւնը ունէր նաեւ քաղաքական բնոյթ։ Ան շեշտեց ֆրանսահայ պատուիրակութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը Համահայկական ձմեռնային խաղերուն, նկատի ունենալով Ջերմուկի վրայ 2022-ին ազերական յարձակումը։ Իր բաժակաճառի ընթացքին խօսքը ուղղելով ներկաներուն, ան յայտնեց Ֆրանսայի ամբողջական զօրակցութիւնը, հետեւեալ բառերով.
«Հեռուէն հասած էք Ջերմուկ՝ առիթ ստեղծելով որ Ֆրանսան ներկայ ըլլայ այս մրցոյթին: Եւ կը կարծեմ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի մրցումներուն այստեղ՝ Ջերմուկի մէջ կայացումը, որովհետեւ կը գտնուին Հայաստանի այն շրջանը, որ ուղղակի ենթակայ է Ազերպայճանի սպառնալիքին։ Զինուորական յարձակումներու թիրախ դարձած է, մասամբ գրաւուած է եւ հետեւաբար այս խաղերու կայացումը այստեղ, իր շուրջ հաւաքելով աշխարհի տարբեր անկիւններէ մարզախումբեր, որոնք լաւ պայմաններու մէջ կը մրցակցին, ցոյց կու տայ նաեւ որ Հայաստան կրնայ դիմադրել: Մեր նպատակը, Հայաստանի նկատմամբ մեր քաղաքականութիւնը, ճի՛շդ այդ է, դիմանալու կարողութիւնը ամրապնդելը: Ուրեմն՝ ձեր յաջողութիւններուն կենացը. կեցցէ՛ ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնը»։
Ֆրանսահայ պատուիրակութիւնը բաղկացած է 22 հոգիէ, որոնք կը մասնակցին դահուկի, ձիւնամարտի, ճատրակի մրցումներուն։ Համահայկական ձմեռնային խաղերը տեղի ունեցան Փետրուար 1-7, Ջերմուկի մէջ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։