Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութիւնը կը յայտարարէ դիմումներու հաւաքագրում՝ սփիւռքի կրթօճախներուն եւ կրթամշակութային կեդրոններուն ուսումնական գրականութեան եւ օժանդակ նիւթերու տրամադրման տարեկան ծրագրի շրջանակին մէջ:
ԿԳՄՄ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ծրագրի նպատակն է աջակցիլ սփիւռքի մէջ գործող կրթօճախներուն հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայագիտական այլ առարկաներու դասաւանդման գործընթացին՝ պետական աջակցութեամբ տրամադրելով անհրաժեշտ դասագիրքեր, աշխատանքային տետրեր եւ օժանդակ այլ նիւթեր:
Ծրագրին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է՝
Եթէ կան ուսումնական նիւթեր, որոնք ցանկին մէջ ներառուած չեն, սակայն կրթօճախները կը փափաքին ստանալ, կրնան զանոնք աւելցնել ցանկի «Լրացուցիչ նիւթեր» սիւնակին մէջ:
Անհրաժեշտ է դիմումները ուղարկել ruzanna.hambardzumyan@escs.am ելեկտրոնային հասցէին մինչեւ 2025 Ապրիլ 10-ը ներառեալ:
Միաժամանակ, ԿԳՄՄ նախարարութենէն կը յայտնեն, որ կը գործէ նաեւ սփիւռքի կրթօճախներուն տրամադրուող ուսումնական գրականութեան ելեկտրոնային պաշարներու հարթակը՝ https://lib.armedu.am/, ուր կարելի է գտնել շարք մը դասագիրքերու եւ օժանդակ նիւթերու ելեկտրոնային տարբերակները՝ ներբեռնման կարելիութեամբ:
Լրացուցիչ հարցերու պարագային՝ կարելի է հեռաձայնել Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժնին (պատասխանատու աշխատակից՝ Ռուզաննա Համբարձումեան, հեռ. +374(10)-599-647)։
Առաջարկուած գրականութեան եւ օժանդակ նիւթերու ցանկերուն տեղեկանալու համար այցելել՝ https://escs.am/am/news/27823
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։