Հայաստանի մէջ գումարած իր 35-րդ Ընդհանուր ժողովի աւարտին՝ ՀՅԴ Մարտ 6-ին հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ հայութեան համար աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային լուրջ մարտահրաւէրներու, Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւման, Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան, Հայոց պետականութեան դէմ ուղղուած գոյութենական սպառնալիքներու ժամանակահատուածի մը մէջ։
Պատերազմներով ուղեկցուող համաշխարհային վերադասաւորումները, միջազգային կառոյցներու եւ միջազգային իրաւունքի, ինչպէս նաեւ զսպումի արդիւնաւէտ գործիքակազմերու բացակայութիւնը անվտանգային մարտահրաւէրներ են Հայոց պետականութեան գոյատեւման ու հայկական համայնքներու կենսունակութեան համար։
44-օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջանէն ներս խախտուած ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը, Ազերպայճանի շարունակական ռազմատենչ նկրտումներն ու Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած խաղաղութեան կեղծ օրակարգը անվտանգային նոր սպառնալիքներ կը ստեղծեն։
Թէ՛ թուրք-ազերպայճանական երկեակի, թէ՛ ալ Հայաստանի վարչախումբին համար առաջնահերթ թիրախ կը հանդիսանան ազգային ինքնութենական արժէքներն ու ազգային գաղափարախօսութեան դաւանող ուժերը։
Հայաստանի անվտանգային եւ կառավարման տագնապը, ներազգային թշնամութիւն հրահրելու եւ Սփիւռքը պառակտելու իշխանութեան քայլերը կը խորացնեն հանրային յուսալքութիւնը։
Քննելով իրավիճակը, ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը հաստատեց.
Մրցունակ, նոր որակի ազգային պետութեան կառուցումը եւ հայկական ինքնութեան պահպանումը ՀՅԴ-ն կը հռչակէ ռազմավարական նպատակ եւ կը յայտարարէ պայքարի վճռական հանգրուանի մասին։
Ըստ այդմ կը սահմանուին ռազմավարական հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.
1 – Հայոց անկախ պետականութեան հզօրացում, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնում, ժողովրդավարական, իրաւական, ընկերային պետութեան կերտում՝ Անկախութեան հռչակագրի տառին ու ոգիին համապատասխան,
2 – Արցախի ազատագրման օրակարգին շուրջ համազգային համախմբում, միջազգային իրաւաքաղաքական երաշխիքներու գործադրումով՝ արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի եւ հիմնական միւս իրաւունքներու իրականացում,
3 – Հայոց բանակի, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգերու ամրապնդում,
4 – Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման իրաւունքի հետապնդում,
5 – Ազգային եւ պետական շահերու վրայ կառուցուած, անվտանգային սպառնալիքները յաղթահարող արտաքին քաղաքականութեան որդեգրում,
6 – Սփիւռքի կազմակերպական հզօրացում, համահայկական օրակարգերու շուրջ ազգային եւ քաղաքական համախմբում։
Միաժամանակ, ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը հաստատեց.
Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած ապազգային եւ ապապետական ընթացքը կասեցնելու, հայրենիքի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, կենսունակ հայկական պետութիւն ունենալու, ընկերային արդարութիւն հաստատելու, ներազգային համապարփակ տագնապը յաղթահարելու եւ ՀՅԴ ռազմավարական նպատակները իրագործելու անհրաժեշտ պայմանը իշխանափոխութիւնն է։
ՀՅ Դաշնակցութիւնը լի է վճռականութեամբ եւ պատրաստ է պետականութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման օրակարգին շուրջ գոյացնել համազգային համախմբում։
2025 Մարտ 6, Ծաղկաձոր
Աւելցնենք, թէ Մարտ 6-ին իր աշխատանքները աւարտած ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը ընտրած է ՀՅԴ Բիւրոյի նոր կազմ.
Արմէն Ռուստամեան (Հայաստան), Լիլիթ Գալստեան (Հայաստան), Տարօն Տօնոյեան (Հայաստան), Արսէն Համբարձումեան (Հայաստան), Սեւան Դանիէլեան (Իրան), Խաժակ Մկրտչեան (ԱՄՆ), Տարօն Տէր-Խաչատուրեան (ԱՄՆ), Յովսէփ Տէր-Գէորգեան (Ֆրանսա), Մուրատ Փափազեան (Ֆրանսա), Յակոբ Բագրատունի (Լիբանան), Րաֆֆի Տօնապետեան (Գանատա):
ՀՅԴ նորընտիր Բիւրօն իր անդրանիկ նիստին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընտրած է Արմէն Ռուստամեանը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։