ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ – Հայաստան կը մասնակցի Սուրաժքունտի արհեստներու 38-րդ միջազգային փառատօնին

Հայաստան առանձին տաղաւարով կը մասնակցի Հնդկաստանի՝ Սուրաժքունտի արհեստներու 38-րդ միջազգային փառատօնին:

Փետրուար 7-ին, Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեան ներկայ գտնուած է փառատօնի բացման արարողութեան։

Հնդկաստանի Հարիանա նահանգի Ֆարիտապատ քաղաքին յարող տարածքին մէջ կազմակերպուած տարեկան այս ձեռնարկին վերջին քանի մը տարիներուն կը մասնակցին «Յովհ. Շարամբերեան» ժողովրդական արուեստներու թանգարանի «Արար» ծրագրին մէջ ընդգրկուած ասեղնագործութեան եւ գորգագործութեան վարպետներ, որոնք կը ներկայացնեն հայկական գործուածքը՝ կարպետներ, ասեղնագործ եւ թաղիքէ պատրաստուած աշխատանքներ, կիրառական արուեստի նմուշներ, յուշանուէրներ: Հայաստանի տաղաւարին մէջ տեղի կ՚ունենան նաեւ ձեռագործի վարպետութեան աշխատանոցներ:

Մինչև փետրուար 23 շարունակուող փառատօնին կը մասնակցին Հնդկաստանի տարբեր նահանգներու եւ հինգ տասնեակէ աւելի երկիրներու վարպետներ։