ՄԱՍԱՉՈՒՍԵՑ – ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ – Արեւելեան Ուաթըթաունի խաչմերուկներէն մէկուն պիտի տրուի Արշիլ Կորքիի անունը

Արշիլ Կորքի կը գծէ իր քրոջ՝ Ագապիի տունը՝ Ուաթըրթաունի Տեքսթըր պողոտային վրայ, 1922-ին (Լուսանկարողը անծանօթ է. Արշիլ Կորքի հիմնարկութեան հաւաքածոյէն)

Փետրուար 3-ին, ԱՄՆ-ու Մասաչուսեց նահանգի Ուաթըրթաուն քաղաքի Քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկած է Տեքսթըր պողոտայի եւ Հէյզըլ փողոցի խաչմերուկը Արշիլ Կորքիի անունով կոչելու որոշումը։

1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպած Կորքի 1920-ի Փետրուարին հասած է Ուաթըրթաուն՝ մաս կազմելով հայ գաղթականներու երկրորդ ալիքին, որոնք Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէին հալածանքներէն ազատելու համար։

Ան Ուաթըրթաունի մէջ ապրած է իր քոյրերուն հետ մինչեւ 1924-ի վերջը կամ 1925-ի սկիզբը, ապա՝ փոխադրուած Նիւ Եորք։ Կորքիի ազդեցութիւնը արուեստի պատմութեան վրայ եւ անոր շարունակական ներգործութիւնը ժամանակակից արուեստին վրայ անգնահատելի է։

Խաչմերուկը Կորքիի անունով կոչելու առաջարկը ներկայացուցած են «Արշիլ Կորքիի 100-ամեակ» տօնակատարութեան աշխատանքային խումբի անդամները։

Արշիլ Կորքիի 100-ամեակի տօնակատարութիւնը կը ներառէ որմնանկար մը Ուաթըրթաուն-Քեմպրիճ Կանաչ ճամբուն վրայ, ցուցահանդէս, ֆիլմի ցուցադրութիւն, Կորքիի մասին հաւաքածոյի մը ներկայացումը Ուաթըրթաունի գրադարանին մէջ եւ այլ ձեռնարկներ։