(«Ասպարէզ») – Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհաւորած է նախկին գոնկրէսական Թուլսի Կապարտը՝ ԱՄՆ-ու Ազգային հետախուզութեան ղեկավարի պաշտօնին նշանակուելուն համար, նոյն ատեն անոր կոչ ընելով՝ համապարփակ հետաքննութիւն կատարելու Ազերպայճանի կողմէ Արցախի հայութեան ցեղային զտման գործողութեան մէջ Ամերիկայի մեղսակցութեան գծով։
ԱՄՆ-ու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան բացատրած է, թէ Ուաշինկթըն ոչ միայն չէր կրցած զսպել ցեղասպանական արշաւը, այլ նոյնիսկ Պաքուն քաջալերած էր՝ անոր ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելով։
Նշենք, թէ Կապարտ զանազան առիթներով նեցուկ կանգնած է հայութեան եւ հովանաւորած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը, իսկ 2017-ին այցելած է Արցախ, ականատես դառնալով Ազերպայճանի բռնարարքներուն։ 2020-ին ան դատապարտած է Թուրքիոյ դերը Արցախի դէմ պատերազմի հրահրման մէջ՝ յայտարարելով. “Թուրքիա «Քաիտա»-ի հետ կապ ունեցող անձեր կ՚ուղարկէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար”։
Հայ դատը կը շարունակէ կոչ ընելու Թրամփի վարչակազմին՝ արգիլելու ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը Ազերպայճանին, ինչպէս նաեւ պատժելու ռազմական ոճիրներով ամբաստանուած ազերպայճանցի պաշտօնատարները: Յանձնախումբը նաեւ Ուաշինկթընէն կը պահանջէ ճնշում բանեցնել Պաքուի վրայ, որպէսզի անյապաղ ազատ արձակուին հայ գերիները եւ բացառութիւն սահմանուի արտաքին օգնութիւններու սառեցման հարցով,– որու մասին վերջերս նորընտիր նախագահ Թրամփ հրամանագիր ստորագրեց,– որպէսզի Արցախի ցեղասպանութիւնը վերապրած անձերը կարենան համապատասխան օգնութիւնը ստանալ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։