Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան monumentwatch.org կայքը կը գրէ.
«2023 Սեպտեմբերին Արցախի ամբողջական բռնագրաւումէն ետք, ազերպայճանական կողմը առաջին հերթին ցուցադրաբար կազմաքանդեց Շուշի քաղաքին մօտ գտնուող յայտնի հրասայլ-յուշարձանը։
Յիշեցնենք, որ հրասայլը Արցախի ազատագրական պայքարի խորհրդանիշն էր, յաղթանակի խորհրդանիշը, ուր յարգանքի տուրք կը մատուցուէր Շուշիի ազատագրական պայքարի համար նահատակուած հերոսներու յիշատակին։
Իսկ վերջերս, ազերպայճանցի կայքագրող Քեամրան Ռազմովար տեսանիւթ մը հրապարակած է, ուր կ՚երեւի, որ ազերպայճանական կողմը ոչնչացուցած է նաեւ հրասայլ-յուշարձանին մօտ տեղադրուած խաչքարերը, զոհուած ազատամարտիկներու անունները յաւերժացնող յուշատախտակները: Մասնաւորապէս, փշրուած է 44-օրեայ պատերազմին Քարինտակի մէջ զոհուած Յակոբ Յարությունեանի յիշատակին տեղադրուած խաչքարը, ինչպէս նաեւ այդ տարածքին գտնուող միւս խաչքարերը:
Ազերպայճանի համակարգուած արշաւը այս ուղղութեամբ յատկապէս կ՚ընդգծուի քանի մը նշանակալից խաչքարերու ոչնչացումով, ներառեալ՝ տակաւին 2020-ին ոչնչացուած Հադրութի շրջանի Առաքել գիւղի խաչքարը, քաղաքի ազատամարտիկներու յուշահամալիրի խաչքարերը, Բերձորի պատմական գերեզմանատան 14-րդ դարի եզակի խաչքարը, ինչպէս նաեւ 15-16-րդ դարերու վերագրուող շարք մը այլ խաչքարեր։ Բացի ատկէ, ոչնչցուած են նաեւ Շուշիի հայ-յունական հին գերեզմանատան 12-13-րդ դարերու եզակի խաչքարերը»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։