ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Թրամփի առաջարկը Կազայի մասին. «Քանդումի ենթակայ տարածք» եւ Մերձաւոր Արեւելքի «ապագայ Ռիվիերա»

Թրամփի վերադարձէն ետք, Սպիտակ տան առաջին հիւրը՝ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, գոհ է Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ հանդիպումէն, իսկ Կազային վերաբերող վերջինիս ծրագիրը «պատմութիւնը փոխելու» գաղափար որակած է:

Թրամփ կ՚առաջարկէ ամերիկեան վերահսկողութիւն հաստատել Կազայի մէջ, բնակիչները փոխադրել այլ վայրեր եւ զայն դարձնել «Մերձաւոր Արեւելքի Ռիվիերա»։ 

ԱՄՆ-ու նախագահին յաջորդական անսպասելի յայտարարութիւնը անարձագանգ չէ մնացած։

Թուրքիա հակազդած է

Մենք կտրականապէս դէմ ենք այս առաջարկին: Ինչպէս կը յիշէք, Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրը սկսաւ պաղեստինցիներու տեղահանութեամբ: Մենք  կը քարոզենք պաղեստինցիներուն իրաւունք տալ, որ անոնք ունենան պետութիւն՝ իրենց հողերուն վրայ, որով վերջնապէս կը լուծուի այս խնդիրը եւ վերջ կը տրուի այս հակամարտութեան: Եթէ այդ առաջարկը փորձեն իրականացնել, ապա վտանգի կ՚ենթարկուի թէ՛ տարածաշրջանային, թէ՛ ալ համաշխարհային խաղաղութիւնը,– յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ եւս անդրադառնալով հարցին ըսած է, թէ ան կտրականապէս անընդունելի է. Կազան կը պատկանի պաղեստինցիներուն եւ կը շարունակէ մնալ Պաղեստինի մէկ մասը մինչեւ ափոգալիփսիսը”:

CNN ալ նշած է, թէ այս ապշեցուցիչ առաջարկը կտրուկ կերպով կը փոխէ Մերձաւոր Արեւելքի համայնապատկերը եւ կը թելադրէ աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութեան տեղահանումը: