Փետրուար 12-ին, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցաւ Ծերակոյտին մէջ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ՝ նախագահ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազի գլխաւորութեամբ։
Դեսպանը երախտագիտութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին, յանձինս նախագահ Լառշէի եւ Ծերակոյտի անդամներուն՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին վերաբերող հարցերը մնայուն կերպով իրենց ուշադրութեան կեդրոնը պահելնուն, ինչպէս նաեւ հայութեան նկատմամբ բացառիկ զօրակցութիւն եւ շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերելնուն համար։
Հայաստանի դեսպանը բարձր գնահատեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ի նպաստ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին շարք մը բանաձեւերու ընդունումը, համաժողովներու եւ քննարկումներու կազմակերպումը, հայ ժողովուրդի համար դժուար ժամանակաշրջանին Ծերակոյտի նախագահին ու անդամներուն՝ Հայաստան կատարած այցելութիւնները:
Ծերակուտականներու խնդրանքով դեսպանը անդրադարձաւ Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմանի օրակարգին, մասնաւորաբար՝ բարձրագոյն մակարդակով պարբերական բնոյթ կրող շփումներուն եւ երկու երկիրներու միջեւ զարգացող ռազմավարական գործընկերութեան։
Պարոն Խաչատրեան ներկայացուց նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ եւ արդար խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման, Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան դաշնագիրի ստորագրութեան շուրջ Հայաստանի մօտեցումները, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան-Ազէրպայճան սահմանի զատման հոլովոյթի զարգացումները, շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը՝ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան համածիրին մէջ։
Ծերակոյտի՝ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամները, յանձին նախագահ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազի, վերահաստատեցին Ծերակոյտի եւ բարեկամութեան խումբի յանձնառութիւնը՝ շարունակելու նպաստել ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան ամրապնդման եւ Հայաստան-Ֆրանսա գործընկերութեան զարգացման աշխատանքներուն:
Նշենք, թէ նոյն օրը Հայաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի նախագահի աշխատակազմի ընդհանուր քարտուղար Ալեքսի Քոհլերի հետ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։