Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Արմէն Գէորգեան Մարտ 7-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Ընկերային, առողջապահութեան եւ կայուն զարգացման հարցերու յանձնախումբի յաջորդական նիստին ունեցած իր ելոյթին անդրադարձաւ Ազերպայճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի այսօրուան աղէտալի պատկերին եւ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու սարսափելի կացութեան։
Ան յատկապէս նշեց հետեւեալը.
«Այսօր ձեզի կը ներկայացնեմ Ազերպայճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի աղէտալի վիճակը, որ փաստօրէն կ՚անտեսուի միջազգային հանրութեան կողմէ։ Հայերու ցեղային զտումներէն եւ հայկական հողերու բռնագրաւումէն ետք Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ հայերու նկատմամբ ցեղասպան քաղաքականութիւնը, որուն նպատակն է բացառել անոնց վերադարձը իրենց պատմական հայրենիքը։
Արդէն աւերուած են շարք մը հայկական եկեղեցիներ, հայոց պատմութեան նուիրուած յուշահամալիրներ, մշակութային կեդրոններ, գրադարաններ եւ դպրոցներ, հարիւրաւոր խաչքարեր։ Կը պղծուին հայկական հոգեւոր կեդրոնները, թալանուած են աւելի քան 30 արուեստի ու թանգարանային հաւաքածոներ։ Շուրջ տասը հայկական բնակավայրեր նոյնպէս աւերուած են։
Կ՚ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել՝ Ղարաբաղի հայերու՝ իրենց պատմական հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի անկատար մնալուն վրայ՝ Պաքուի մէջ հայ գերիներու նկատմամբ ընթացող խայտառակ դատավարութիւններուն պատճառով։ Սա հոգեբանական բռնութիւն է հայերու նկատմամբ, որոնց կ՚ըսուի՝ եթէ ձեր ղեկավարները նման վիճակի մէջ են, երեւակայեցէք, թէ ինչ պիտի պատահի ձեզի, եթէ որոշէք վերադառնալ Ղարաբաղ։ Այդ մարդիկը Պաքուի մէջ կը դատեն նախ եւ առաջ որովհետեւ հայ են, քրիստոնեայ են։ Զանոնք կը նուաստացնեն, որովհետեւ ըլլալով փոքր, բայց հպարտ ազգի առաջնորդներ՝ կրցած են աւելի քան 30 տարի ապրիլ ազատ ու ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ՝ դիմակայելով բռնապետական Ազերպայճանին։ Անոնք չեն կորսնցուցած իրենց արժանապատւութիւնն ու քաջութիւնը եւ այդ պատճառաւ ալ կ՚ենթարկուին խոշտանգումներու ու նուաստացման։
Քարիւղի տոլարներով ուռճացած Ազերպայճանի բռնապետական վարչակազմը փաստօրէն կ՚ոչնչացնէ հայկական քաղաքակրթութեան հետքերը Արցախի մէջ, որ 20-րդ դարու կէսերուն Նախիջեւանի մէջ սկսած Հայոց նոր ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է։
Նախատեսուած միջազգային չափանիշերը, գործիքակազմերն ու հաստատութիւնները ընդհանրապէս չեն գործեր վերացնելու համար Արցախի մէջ զարգացող աղէտալի իրավիճակը։ Ազերպայճան միտումնաւոր կը խախտէ եւ կ՚անտեսէ միջազգային ատեաններու որոշումները, իսկ միջազգային հանրութիւնը ակնյայտ անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ 150 հազար հայերու՝ իրենց պատմական հայրենիք վերադառնալու իրաւունքներու ապահովման խնդրին նկատմամբ։
Մեծ մտահոգութիւն պէտք է յառաջացնէ նաեւ Պաքուի մէջ բազմաթիւ միջազգային մարդասիրական, իրաւապաշտպան եւ լրասփիւռներու գրասենեակներու փակումը։ Այսպէս, Կարմիր խաչ, ՄԱԿ-ի չորս գործակալութիւններ, «Transparency International» կը դադրեցնեն իրենց աշխատանքը, իսկ BBC-ի գրասենեակը արդէն փակուած է։ Ակնյայտ է, որ այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ Արցախի հայերու վերադարձի նիւթը փակելու եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հետագայ ապակայունացման համար նոր գրգռութիւններ նախապատրաստելու միտումով։
Կը խնդրեմ աջակցիլ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարին, ԵԽԽՎ-ի նախագահին եւ մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատարին ուղղուած՝ Պաքուի մէջ հայ գերիներու հետ կապուած իրավիճակը անյապաղ վերահսկողութեան տակ առնելու, Ազերպայճան յատուկ բանագնաց ուղարկելու, այդ երկրին հետ՝ իր միջազգային պարտաւորութիւնները քննարկելու եւ անոնց գործադրութիւնը պարտադրելու մասին իմ կոչին»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։