Փետրուար 8-ին, տեղի ունեցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութենէն հեռացուած Յովիկ Աղազարեանի եւ իր ընկերոջ Յակոբ Ասլանեանի (նոյնպէս հեռացուած՝ ՔՊ կուսակցութենէն) հիմնած «Միասնական ազգային սահմանադրական կուսակցութիւն»-ի համագումարը, ուր Աղազարեան նախագահ ընտրուած է։
Լրագրողներու հետ ասուլիսին Աղազարեան յայտնած է, թէ իրենք պիտի պայքարին, որ յառաջիկայ արտակարգ կամ ընթացիկ ընտրութիւններուն Նիկոլ Փաշինեան չվերընտրուի, չդառնայ Հայաստանի վարչապետ:
“Ժողովրդավարական երկրներում երկու անգամից աւելի չեն ղեկավարում: Փաշինեանի գնալու ժամանակն է։ Անթոյլատրելի է, որ մէկ մարդ որոշի ամէն ինչ”,– համագումարին ունեցած իր ելոյթին յայտարարած է Աղազարեան՝ Փաշինեանի իշխանութիւնը որակելով «բռնապետական վարչակազմ»:
“Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ արդէն տեւական ժամանակ իրականացուող թաքնուած բռնապետական կառավարումը վերջնականապէս բացայայտուեց, երբ նա ուղիղ եթերով յայտարարեց, որ Բարձրագոյն դատական խորհրդի նախագահին ինքն է յորդորել, որ հրաժարի իր պաշտօնից”,– ընդգծած է ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։