Ֆիտան. «Հարաւային Կովկասը մեծ կարեւորութիւն ունի Թուրքիոյ համար»

 

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր երկրի լրասփիւռներուն հետ ասուլիսին անդրադարձած է Հարաւային Կովկասին՝ զայն նկատելով Թուրքիոյ համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող տարածաշրջան։
“Ինչպէս Պալքանները դէպի Եւրոպա բացուող մեր դռներն են, այնպէս ալ Կովկասը դէպի Միջին Ասիա բացուող մեր դուռն է”,– ըսած է թուրք դիւանագէտը։

Ան խօսած է նաեւ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւման մասին, զայն որակելով «հայկական կողմի բռնագրաւման աւարտ» եւ տարածաշրջանի խաղաղութեան համար պատմական կարելիութիւն: 

Ֆիտան ընդգծած է ստեղծուած կացութեան մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դրական ուղերձները:

“Մենք կ՚արձանագրենք, որ անոր (Փաշինեանի) խաղաղութեան ի նպաստ կեցուածքը խթան կը հանդիսանայ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու դրական յառաջընթացին”,– յայտնած է ան։

Բացի ատկէ, Ֆիտան նշած է, թէ Թուրքիա կը շարունակէ աջակցիլ հայկական եւ ազերպայճանական կողմերու միջեւ ընթացող առանց միջնորդներու երկկողմ բանակցութիւններուն։