Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը Հայաստան իր չորսօրեայ կեցութեան ընթացքին այցելած է Հայաստանի մարզերը, հանդիպումներ ունեցած է մարզպետերու, համայնքապետերու եւ քաղաքապետերու հետ, այցելած է նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ/PNUD) շահառուներուն։
Արմաւիրի մարզին մէջ պատուիրակութիւնը ընդունուած է Արմաւիրի մարզպետ Արգիշտի Մեխակեանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ եղած են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԶԾ–ի մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Քոնսթանթին Սոքուլսքի։
Հանդիպման ընթացքին դեսպանը ընդգծած է Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ Հայաստանի տեղական իշխանութիւններուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Քոնսթանթին Սոքուլսքի ալ իր կարգին նշած է, որ ՄԱԶԾ–ի համար կարեւոր առաջնահերթութիւն է գաղթականներուն աջակցութիւնը եւ յոյս յայտնած է, որ այս հանդիպումները նոր համագործակցութիւններու հիմք պիտի հանդիսանան։
Պատուիրակութեան անդամները նաեւ առանձին հանդիպում ունեցած են Արմաւիր համայնքի ղեկավարի տեղակալ Ֆելիքս Պետրոսեանի հետ։
Պաշտօնական այցի յաջորդ կայանը Վաղարշապատ համայնքն էր, ուր ֆրանսացի հիւրերը ընդունած է համայնքի ղեկավար Տիանա Գասպարեան։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի գաղթականներու կարիքներն ու առաջնահերթութիւնները եւ Վաղարշապատ համայնքին մէջ ապաստանած գաղթականներուն վերաբերող հարցեր եւ հնարաւոր հեռանկարներ։ Համայնքի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է ՄԱԶԾ–ին՝ ֆրանքեւհայկական գործակցութեան համար կամուրջներ ստեղծելու եւ համայնքին մէջ իրականացուցած շարք մը ծրագրերու համար։
Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Արարատի մարզ, հանդիպած է մարզպետ Սեդրակ Լեւոնեանի եւ Արտաշատի քաղաքապետ Կառլէն Մկրտչեանի հետ, որմէ ետք առանձին հանդիպումներ տեղի ունեցած են Արարատի մարզի Մասիս եւ Վեդի համայնքներու ղեկավարներուն հետ, քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի գաղթականներու աջակցութեան ուղղուած նախաձեռնութիւնները, որոնք իրականացուած են Մասիս եւ Վեդի համայնքներուն մէջ։
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութիւնը այցելած է Մասիսի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի գաղթականներուն համար ստեղծուած կացարան մը, որու նախաձեռնած է ՄԱԶԾ–ն, Ֆրանսայի կառավարութեան գանձատրումով եւ ՄԱԿ–ի Գաղթականներու գործակալութեան աջակցութեամբ։ Այլեւս չօգտագործուող դպրոցի շէնքը փոխակերպուած եւ վերածուած է 18 ժամանակակից կացարանի, ուր կարելի եղած է տեղաւորել աւելի քան 70 գաղթականներ։
Ֆրանսական պատուիրակութիւնը այցելած է Վեդի համայնքի Տափերականի վերանորոգուած բուժարանն ալ։ Ճափոնի կառավարութեան գանձատրումով, ՄԱԶԾ–ի «Կայուն համայնքներ» ծրագիրի միջոցով հին, ճաթռտած պատերով, առողջապահական նուազագոյն պայմաններէ զուրկ վայրը հիմնովին նորոգուած եւ վերածուած է ժամանակակից բժշկական կառոյցի, որ կը համապատասխանէ առողջապահական բոլոր չափանիշերուն եւ ծառայութիւն պիտի մատուցէ աւելի քան 5000 հոգիի։
Պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է նաեւ ՄԱԶԾ–ի «Կայուն համայնքներ» ծրագիրի շահառու Մելինէ Խնձրցեանի «Քաղցր տուն»-ը, ուր հիւրերը ծանօթացած են գիւղական բնակավայրի մէջ պտուղ–բանջարեղէնի վերամշակումով զբաղող փոքր ձեռնարկութեան մը, որ կ՚արտադրէ քաղցրեղէն, չոր պտուղ, զանազան անուշներ, մեղր եւ հիւթեր։ Այցի ընթացքին ֆրանսացի հիւրերը ծանօթացած են գիւղատնտեսական մթերքներու վերամշակման սարքերուն, որոնք տրամադրուած են ՄԱԶԾ–ի կողմէ։
Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը Հայաստան կ՚այցելէր ՄԱԿ–ի Զարգացման ծրագիրին՝ ՄԱԶԾ–ի հրաւէրով «Աջակցութիւն գաղթականներուն եւ զանոնք հիւրընկալող՝ Արարատի եւ Արմաւիրի մարզերու համայնքներուն» ծրագիրի ծիրէն ներս։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։