15-ամեայ դաշնակահարուհի Լիւսի Իշխանեան՝ միջազգային մրցոյթի դափնեկիր

15-ամեայ դաշնակահարուհի

 

Երեւանի Չայքովսքի երաժշտական դպրոցի աշակերտուհի Լիւսի Իշխանեան «Music and Stars Awards» միջազգային մրցոյթին ոսկէ մետալի արժանացած է։

Նշենք, որ այս մրցոյթին կը մասնակցէին տաղանդաւոր երիտասարդներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն:

Լիւսի Իշխանեան 4 տարեկանէն սկսած է երաժշտութիւն սորվիլ. ան այժմ 15 տարեկան է։ Շնորհալի Հայուհին վերջերս London International Music Competition մրցոյթին ալ շահած է երկրորդ մրցանակը։