ՓԱՐԻԶ – Հայաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահին հետ

Փետրուար 19-ին, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած  է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պրիւնօ Ֆուքսի հետ։

Հանդիպումին կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն, անոնց ամրապնդման եւ զարգացման ուղղութեամբ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերին եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր։