ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Նուրհան պատրիարք Մանուկեան Հայոց պատրիարքութեան գոյքի բռնագրաւման եւ պարտադրուող անտրամաբանական ահռելի պարտքին առնչութեամբ նամակ գրած է Իսրայէլի վարչապետին

2025 Փետրուար 20-ին Նուրհան պատրիարք Մանուկեան Հայոց Պատրիարքութեան գոյքի բռնագրաւման՝ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի անարդար որոշման եւ Պատրիարքութեան պարտադրուող անտրամաբանական ահռելի պարտքին առնչութեամբ նամակ գրած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի։

Պատրիարքը իր նամակին մէջ մասնաւորապէս կը թելադրէ Իսրայէլի վարչապետին միջամտել սոյն հարցին եւ դադրեցնել Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դէմ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի ձեռնարկած գործողութիւնները եւ խնդրին լուծում տալու նպատակով վերսկսիլ իր իսկ նշանակած կառավարական յանձնախումբին հետ հանդիպումները։

***

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԵրուսաղԷմի Հայոց պատրիարքութիւնը Փետրուար 20-ին դատարանէն ծանուցում ստացած է, որ սպասուող եղանակային աննպաստ պայմաններուն պատճառով 2025 Փետրուար 24-ին՝ Արնոնայի (քաղաքապետարանի հարկ) խնդրով նախատեսուած դատական նիստը կրնայ յետաձգուիլ։ Նիստի գումարման մասին վերջնական որոշումը կը ծանուցուի Կիրակի, Փետրուար 23-ին:

ԴԻՒԱՆ Ս․ ԱԹՈՌՈՅ