ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Փաշինեանի հանդիպումներէն

Օլաֆ Շոլցի հետ

Միւնիխի Ապահովութեան համագումարի շրջանակին մէջ վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ իր պաշտօնակից Օլաֆ Շոլցի հետ: Քննարկուած են Հայաստան-Գերմանիա երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգը եւ տարբեր բնագաւառներու համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

Օլաֆ Շոլց յայտնած է, թէ Գերմանիա պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներուն եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն:

ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարին հետ

Վարչապետը տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ Եւրոպայի Ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Հ. Սինիրլիօղլուի հետ։ Կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի միջեւ համագործակցութեան ընթացքն ու զարգացման հեռանկարները։

Հանդիպում նաեւ Նեչիրվան Պարզանիի հետ

Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Նեչիրվան Պարզանիի հետ հանդիպումին խօսակիցները երկուստեք ընդգծած են երկկողմ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան եւ գործարար կապերու զարգացման կարեւորութիւնը: