Պաքուի մէջ կը շարունակուի ապօրինաբար բանտարկուած Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու շինծու դատավարութիւնը:
Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ Փետրուար 18-ին տեղի ունեցած խեղկատակ դատավարութեան ընթացքին աւարտած է գերեվարուած արցախցիներու նկատմամբ մեղադրանքի հրապարակումը: Այս անգամ Ազերպայճան երկու նոր ամբաստանութեամբ մեղադրած է անմեղ գերիները, նշելով որ իբրեւ թէ «ազերպայճանցի ուսուցիչներն ու ուսանողները ապօրինաբար հեռացուած են աշխատանքէ եւ արտաքսուած բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մանկավարժական հիմնարկէն»: Աւելի՛ն, իբրեւ թէ Արցախեան պատերազմին աւելի քան 100 միլիառ մանաթի նիւթական վնաս հասցուած է Ազերպայճանին:
Դատական յաջորդ նիստը նշանակուած է Փետրուար 20-ին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։