Փետրուար 17-ին, Պրիւսէլի մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) միջեւ 14-րդ երկխօսութիւնը՝ Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան նիւթին շուրջ։
ԵՄ-ը ողջունած է Մարդկային իրաւանց հետ կապուած օրէնսդրութեան, քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ այդ մարզի ռազմավարութեան եւ 2023-2025 թուականներու գործողութիւններու ծրագրի իրականացման վերաբերեալ յառաջընթացը եւ մնացեալ հարցերը լուծելու համար յաւելեալ միջոցներու ձեռնարկելու Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը։
Կողմերը վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան, ազատութեան, օրէնքի գերակայութեան ընդհանուր սկզբունքներուն ու արժէքներուն, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու յարգանքի ու պաշտպանութեան առնչութեամբ։
Համաձայնութիւն գոյացած է հաւաքներու, միութիւններու եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքները պաշտպանելու եւ քաղաքացիական տարածքը պահպանելու անհրաժեշտութեան մասին։ Ընդգծուած է նաեւ ոստիկանութեան հաշուետւութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բանտային պայմանները բարելաւելու եւ զինուած ուժերուն մէջ մարդկային իրաւունքներու մշակոյթը ամրապնդելու հրամայականը։ ԵՄ-ը կոչ ըրած է Հայաստանին սահմանափակելու նախնական կալանքի կիրարկումը եւ տեւողութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։