Մոսկուան ներկայացուցած է հայկական գիւղատնտեսական մթերքներու ներածումը վերականգնելու պայմանները
Ռուսաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը ներկայացուցած է հայկական գիւղատնտեսական մթերքներու ներածումը վերականգնելու պայմանները։
Ըստ «Ինթերֆաքս»-ի, Ռուսաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարար Օքսանա Լութի եւ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, ռուսական կողմը յայտարարած է, որ ներկայիս արգիլուած ապրանքներու ներածման վերականգնման կարեւորագոյն պայմանը գիւղատնտեսական արտադրանքի անվտանգութեան ապահովումն է։ Ասիկա կ՚ենթադրէ հայ արտադրողներուն կողմէ սեփական հումքի գործածութիւն, քիմիական դեղերու նկատմամբ խիստ վերահսկողութիւն, մատակարարումներու հետագծելիութիւն (traçabilité) եւ այլ պարտադիր պահանջներու պահպանում։ Նախարարներու այս հանդիպումը տեղի ունեցած է Ալմաթիի մէջ՝ ԵԱՏՄ-ի (Եւրասիական տնտեսական միութեան) Գիւղատնտեսական քաղաքականութեան խորհուրդի 7-րդ նիստի ծիրէն ներս։
Նախարար Լութ որպէս բացարձակ առաջնահերթութիւն նշած է Ռուսաստան մատակարարուող ապրանքներու համապատասխանութիւնը ԵԱՏՄ-ի՝ անասուններու եւ բոյսերու առողջապահական չափանիշներուն։ չափանիշերուն։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանէն ներածուող արտադրանքի որակին եւ անվտանգութեան վերաբերեալ առարկութիւններու պատճառաբանութեամբ, Ռուսաստանի Գիւղատնտեսական վերահսկողութեան դաշնակցային ծառայութիւնը՝ «Ռոսսելխոզնադզոր»-ը, Մայիսի վերջաւորութենէն սկսեալ աստիճանաբար արգիլած էր շարք մը ապրանքներու ներածումը։ Արգելքը նախ հարուածեց ծաղիկները, ապա՝ թարմ լոլիկը, վարունգը, պղպեղը, կանաչեղէնը, ելակը, ինչպէս նաեւ կորիզաւոր պտուղները (բալ, կեռաս, ծիրան, սալոր, դեղձ, նեքթարին) եւ թարմ խաղողը։
Աւելի ուշ՝ Յունիսի սկիզբը, սահմանափակուեցաւ նաեւ սերմերով բազմացող մշակաբոյսերու, սմբուկի, գետնախնձորի, չոր պտուղներու եւ ընդհանրապէս առողջապահական խիստ ստուգումի ենթակայ ամբողջ արտադրանքի ներածումը։ Բացի ասկէ, Ռուսաստան արտածուող կենդանի ձուկի եւ ձկնամթերքի վկայագրումը նոյնպէս դադրեցուած է Յունիսէն ի վեր, իսկ Յուլիսի վերջաւորութեան սահմանափակումներ կիրարկուեցան կաթնամթերքի ներածման վրայ։
Մինչեւ այս պահը հայկական կողմը պաշտօնական հաղորդագրութիւն չէ տարածած Ալմաթիի մէջ կայացած այս հանդիպման արդիւնքներուն մասին։ Հարկ է նշել սակայն, որ նախապէս Հայաստանի Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինը (ՍԱՏՄ) պաշտօնապէս հերքած էր հայկական արտադրանքի անվտանգութեան վերաբերեալ ռուսական կողմի պնդումներուն մեծ մասը։
