Սխալ օր, սխալ հեռարձակում
Սեպտեմբեր 27-ը մութ էջ մըն է Հայաստանի նորօրեայ պատմութեան մէջ. իբրեւ այդպիսին՝ անիկա փաստացի սգոյ օր է, նոյնիսկ եթէ պաշտօնապէս այդպէս չէ հռչակուած։
Հակառակ այս իրողութեան՝ Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլի «Առաջին ալիք»-ը այս տարի նոյն այդ օրը հեռարձակեց Թաթա Սիմոնեանի համերգը, որ բացայայտօրէն տօնական տրամադրութիւն կը սփռէր։
Այս քայլը, բնականաբար, հանրութեան մէջ խոր վրդովումի եւ զայրոյթի ալիք բարձրացուց՝ արժանանալով սուր քննադատութիւններու իսկական տարափի։
Ստեղծուած կացութեան դիմաց, նախ անձամբ ներողութիւն խնդրեց երգիչը՝ Թաթա Սիմոնեան, հակառակ անոր որ համերգը նախապէս արձանագրուած էր եւ հեռասփռումը կատարուած էր իր կամքէն ու գիտութենէն անկախ։
Այնուհետեւ, պատահածին համար հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեց նաեւ «Առաջին ալիք»-ը՝ տարածելով հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Յարգելի՛ հեռուստադիտողներ,
Սեպտեմբերի 27-ին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերում հեռարձակուած ժամանցային համերգը սխալ էր, եւ մենք ամբողջութեամբ ընդունում ենք դրա պատասխանատւութիւնը։
Մենք չենք փորձելու տեղի ունեցածն արդարացնել ծրագրային, տեխնիկական կամ աշխատանքային հանգամանքներով։
Ներողութիւն ենք խնդրում կատարուածի համար։
Վերանայւում են համապատասխան աշխատանքային ընթացակարգերը՝ նման դէպքերի կրկնութիւնը բացառելու համար»։
