Հայաստանի վայրի հացահատիկները՝ պահպանութեան արժանի ժառանգութիւն՝ COP17-ի ընդառաջ

WildWheat_Erebuni_Reserve

Հոկտեմբեր 19-էն 30 Երեւան պիտի հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան համաժողովը՝ COP17-ը։ Մայրաքաղաքի անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող Էրեբունի պետական արգելոցը կենդանի օրինակ մըն է, թէ բնութեան պահպանութիւնն ու գիւղատնտեսութեան ապագան որքա՛ն սերտօրէն կապուած են իրարու։

Հայաստանի մէջ կը գտնուին վայրի ցորենի այն չորս տեսակներէն երեքը, որոնք նշուած են COP17-ի կազմակերպիչներուն կողմէ ներկայացուած դասակարգումին մէջ։ Անոնք մասնաւորաբար պահպանուած են Էրեբունի պետական արգելոցին մէջ, որ հիմնադրուած է 1981-ին՝ Երեւանի մօտակայքը։

Այս վայրի հացահատիկները գիւղատնտեսութեան համար բացառիկ արժէք ունեցող բնական պաշար են։ Անոնց ժառանգական բազմազանութիւնը կրնայ նպաստել երաշտին, ցուրտին եւ հիւանդութիւններուն աւելի դիմացկուն նոր տեսակներու մշակման։

Այս բնական հարստութիւնը շօշափելի իմաստ կու տայ COP17-ի օրակարգին։ Համաժողովին ընթացքին առաջին անգամ համաշխարհային մակարդակով պիտի գնահատուի 2022-ին ընդունուած Քունմինկ-Մոնրէալ կենսաբազմազանութեան համաշխարհային շրջանակին գործադրութիւնը։ Անոր հիմնական նպատակներուն շարքին են ժառանգական բազմազանութեան պահպանումը եւ մինչեւ 2030 թուականը երկրագունդի ցամաքային ու ծովային տարածքներուն առնուազն 30 տոկոսին արդիւնաւէտ պաշտպանութիւնը։

Հայաստանի համար այս միջազգային հաւաքը առիթ պիտի ըլլայ նաեւ իր բնական միջավայրերու պահպանութեան համար նոր միջոցներ եւ աջակցութիւն ներգրաւելու։ Սակայն համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները քննադատութիւններու ալ տեղի տուած են։ Մասնաւորաբար հարցեր բարձրացուած են Հրազդանի կիրճին մէջ շինարարական հողային մնացորդներու թափման, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական կարգ մը պայմանագրերու յատկացման վերաբերեալ։

Դիւանագիտական այս կարեւոր հանդիպումէն անդին, գլխաւոր մարտահրաւէրը ստանձնուած յանձնառութիւնները երկարաժամկէտ եւ գործնական քայլերու վերածելն է։

Էրեբունիի վայրի ցորենները այդ անհրաժեշտութեան լուռ, բայց յստակ վկայութիւնն են. կենսաբազմազանութիւնը պահպանել՝ կը նշանակէ նաեւ պահպանել ապագայ սերունդներու սնունդի բնական պաշարները։