Ֆրանսայի Ազգային ժողովը ընդունած է Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ բանաձեւ մը
Ֆրանսայի Ազգային ժողովը Փետրուար 3-ին միաձայնութեամբ թեր քուէարկած է Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման բանաձեւին։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան։
Լիագումար նիստի ընթացքին բանաձեւի նախագիծը ներկայացուցած է երեսփոխան Լօռան Վոքիէն: Անոր ներկայացուցած նախագիծը, որ առաջարկուած էր Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբին կողմէ, 183 ներկաներէն ստացած է 183 «թեր» քուէ։
«Մենք զերոյի հասցուցած ենք Ազերպայճանի ազդեցութիւնը Ֆրանսայի մէջ»,– կը գրէ Փափազեան։
Յիշեցնենք, որ Յունուար 14-ին Ազերպայճան Հայաստանին յանձնած էր 4 գերիներ՝ Դաւիթ Դաւթեանը, Գէորգ Սուճեանը, Վիգէն Էօլչէքճեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը։ Բացի Վագիֆ Խաչատրեանէն, որ փոխադրուած էր «Նորք-Մարաշ» սրտաբանական հիւանդանոց, միւսները հետազօտուած էին «Մուրացան» հիւանդանոցին մէջ եւ ուղարկուած տուն (Վիգէնի պարագային՝ պանդոկ)։ Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանէսեան լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած էր, որ անոնց առողջական վիճակը գոհացուցիչ է։
