Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութիւնը՝ Կաթողիկոսին դէմ յարուցուած քրէական հետապնդման առնչութեամբ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստիւ կը դատապարտէ եւ իր խոր վրդովումը կը յայտնէ ՀՀ Դատախազութեան կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դէմ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ Նորին Սրբութեան Հայաստանէն մեկնումը արգիլելու փաստին առնչութեամբ։
Ամենայն հայոց հայրապետին դէմ կատարուած այս գործողութիւնները անհիմն են ու ապօրինի, եւ ունին շեշտուած քաղաքական բնոյթ։
Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտող ակնյայտօրէն հակասահմանադրական եւ ապօրինի այս կեցուածքով՝ իշխանութիւնը կը խոչընդոտէ Վեհափառ հայրապետին հովուապետական գործունէութիւնը։
Այս բոլորը նաեւ անյարգալից վերաբերում է միլիոնաւոր հաւատացեալներուն եւ այն դարաւոր կառոյցին նկատմամբ, որ եղած է եւ կը մնայ հայոց պետականութեան անսասան յենասիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ կ՚ուղղէ անյապաղ վերանայելու Հայոց հայրապետին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներուն եւ քարտուղարին դէմ կայացուած ապօրինի որոշումները. ընթացք մը՝ որ կը պառակտէ մեր հասարակութիւնը եւ կը նսեմացնէ հայրենի պետութեան վարկն ու հեղինակութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին