«Լեզուն՝ Սփիւռքին հետ»
Փետրուար 28-էն Մարտ 1, Լոս Անճըլըսի մէջ տեղի ունեցաւ «Լեզուն՝ Սփիւռքով մէկ» եռօրեայ գիտաժողովը, զոր համատեղ կազմակերպած էին Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Dornsife հաստատութեան Հայերէն ուսմանց բաժանմունքն ու Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան (ԳԿՀ) Հայկական բաժանմունքը։ Սփիւռքի մէջ հայերէն լեզուի կենսունակութեան նուիրուած գիտաժողովի մը կազմակերպումը հազուադէպ երեւոյթ է։ Ան կը պահանջէ յանդգնութիւն, համոզում, տեսլական, լուրջ հետազօտութիւն, ռազմավարութեան մշակում եւ համապատասխան միջոցներ։ Գիտաժողովին հրաւիրուած էին 45 մասնակիցներ՝ նպատակ ունենալով ուսումնասիրել հայերէնի վերակենսաւորման միջոցները, փոխանակել փորձառութիւններ եւ ներկայացնել գործնական աշխատանքներ։
Ընտրուած վայրը՝ Լոս Անճըլըսը, խիստ յատկանշական է, որովհետեւ ան արեւմտեան Սփիւռքի ամէնէն աշխուժ ու բազմերես համայնքն է. դարձած է տունը աշխարհի զանազան անկիւններէ ժամանած հայերու՝ վերածուելով լեզուական տարբեր աշխարհներու հանդիպման խաչմերուկի մը, ուր զիրար կը խաչաձեւեն արեւելահայ, արեւմտահայ, պոլսահայ, իրանահայ, լիբանանահայ, սուրիահայ, իրաքահայ, պուլկարահայ եւ մասամբ նորին…
Այս գիտաժողովը բնականաբար տեղի պիտի չունենար, եթէ չըլլար Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը։ Արդէն աւելի քան տասը տարի է, որ այս կառոյցը իր հնգամեայ գործունէութեան ծրագրերուն մէջ կեդրոնական տեղ կը յատկացնէ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի նորարարական վերակենսաւորման աշխատանքին։ Այս նպատակով ան տարեկան 1.200.000 եւրօ կը տրամադրէ՝ գանձատրելով բազմաթիւ ծրագրեր. սկսեալ մանուկներու ուղղուած տեսանիւթերէն ու հրատարակութիւններէն, մինչեւ պատանիներու համար կազմակերպուած ճամբարներն ու դաստիարակչական ծրագրերը, չափահասներու ստեղծագործական նախաձեռնութիւններու դրամաշնորհները, համացանցային եւ համակարգչային արհեստագիտական նորարարութիւնները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու պատրաստութիւնն ու մանկավարժական-դաստիարակչական առցանց նիւթերու տրամադրումը։
Բաղդատած Սփիւռքի այլ կառոյցներու՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի նախաձեռնութիւնները կը քալեն հոսանքին դէմ։ Հոն, ուր բարեսիրական մեծ հիմնադրամներուն հայեացքը բացառապէս ուղղուած է դէպի Հայաստան, Կիւլպէնկեանի ռազմավարական ծրագրերը կը կեդրոնանան լեզուի զարգացման եւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան վրայ։
Եւ պէտք է խոստովանիլ, որ այս հետեւողական աշխատանքին արգասիքը այսօր տեսանելի է. հայ հանրութեան համար արդէն հասանելի են մանկավարժական ու ուսուցողական բազմաթիւ արտադրանքներ, որոնցմէ կրնան օգտուիլ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ձեռք բերել արդիական լեզուական գործիքներ, ծրագրեր ու համացանցային նիւթեր։
Գոյացած է նաեւ երիտասարդներու եւ պատանիներու կորիզ մը, որ տոգորուած է հայագիտական ստեղծարար ծրագրերով։ Անոնք կրնան դառնալ վաղուան մշակներն ու ուսուցիչները եւ նոր սերունդ պատրաստելու ատակ լեզուի գործիչները։
Այս իսկապէս դրական արդիւնքները, սակայն, չեն արգիլեր հարցադրումներ կատարելու ապագային մասին։ Եթէ չըլլար Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանը, հաւանաբար այսպէս չըլլար. իր նշանակումէն ետք ան որպէս ռազմավարական ուղղութիւն ընտրեց արեւմտահայերէնի վերաշխուժացումն ու զարգացումը։ Բայց ԳԿՀ-ն փորթուկալական հիմնարկ մըն է, որուն մէկ փոքրիկ մասնիկն է միայն հայկական բաժանմունքը։ Անոր ռազմավարական ուղղութիւնը ենթակայ է հոգաբարձու մարմինի հաւանութեան։ Տնօրէնի փոփոխութեամբ, բոլորովին նոր ռազմավարական ուղղութիւն մը կրնայ սահմանուիլ եւ գանձատրուող ծրագրերը կրնան մէկ օրէն միւսը կասեցուիլ։ Ուրեմն, հայ ուսումնական համայնքներուն եւ հայկական պետութեան կողմէ լուրջ աշխատանք կայ տանելիք, որպէսզի ցանկալի այս ռազմավարական ուղղութիւնը չփոխուի։ Հարցական է, թէ այս մէկը որքանո՞վ իրագործելի է, մանաւանդ որ Գալուստ Կիւլպէնկեան նոյնիսկ իր կենդանութեան չէր կրցած իր կտակին մէջ ներմուծել նման տրամադրութիւն մը։
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը արեւմտահայերէնի զարգացման իր ծրագիրը կը սահմանէ իբրեւ սփիւռքակեդրոն, թէեւ ունի այլ ծրագրեր եւս, զորս կ՚իրականացնէ Հայաստանի մէջ։ Հայեցակարգային առումով, «սփիւռքակեդրոն» ձեւաչափը դժբախտաբար կը սահմանափակէ արեւմտահայերէնի զարգացման ծրագիրը, քանի որ չի քաջալերեր Հայաստանի պետութիւնը՝ արեւմտահայերէնը ընկալելու իբրեւ ազգային մշակութային անշօշափելի ժառանգութեան անբաժան մասնիկը։ Արեւմտահայերէնի առնչութեամբ, Հայաստանի պետութիւնը այսօր չունի այն խօսակիցը, որուն հետ կարենայ սահմանել լեզուին պետական մակարդակի կարգավիճակը։
Եւ վերջապէս, պէտք չէ մոռնալ, որ այսօր Հայաստանի մէջ եւս գոյացած է արեւմտահայախօս սփիւռքային համայնք մը՝ հիմնականին մէջ բաղկացած Միջին Արեւելքէն ժամանած հայերէ։ Անոնք նոյնքան ուշադրութեան արժանի են եւ կրնան լիովին հանդիսանալ Հայաստանի պետութեան հետ երկխօսութեան գործուն հարթակ։
Ժ.Չ. ■
