ՓԱՐԻԶ – «Մի­սաք Մա­նու­շեան — Օրա­տետ­րեր» գիր­քին ներ­կա­յացումը Սէնթ-Ժը­նըվիէվ գրա­դարա­նին մէջ 

PHOTO-2026-03-12-20-03-30 7

Հինգշաբ­թի, Մարտ 12-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­րա­յին խիստ սպա­սուած հա­ւաք-ներ­կա­յացում մը՝ Parenthèses հրա­տարակ­չութեան կող­մէ վեր­ջերս լոյս ըն­ծա­յուած Մի­սաք Մա­նու­շեանի «Օրա­տետ­րեր» (Carnets) աշ­խա­տու­թեան շուրջ։ 

Ձեռ­նարկը կա­յացաւ Փարիզի հեղինակաւոր Սէնթ-Ժը­նըվիէվ (Sainte-Geneviève) գրա­դարա­նի յար­կին տակ. վայր մը, որ սեր­տօ­րէն առնչուած է Ֆրանսական դիմադրութեան այս ականաւոր դէմքին՝ Մանուշեանի կեան­քին հետ։ 

Հան­դի­պու­մը սկսաւ գրա­դարա­նի գի­տական տնօ­րէն պրն Մարք Շե­րերի նե­րածա­կան խօս­քով, որուն յաջոր­դեց վա­ւերագ­րա­կան քա­ղաքա­կանու­թեան բա­ժան­մունքի պա­տաս­խա­նատու տիկ. Անն Վեր­նի ելոյ­թը։ Երե­կոյթի գա­գաթ­նա­կէտը հան­դի­սացաւ գոր­ծի թարգմա­նիչ եւ հա­մակար­գող տիկ. Հու­րի Վար­ժա­պետեանի ներ­կա­յացու­մը։ Ա՛ն է, որ ու­սում­նա­սիրած եւ զտած է դի­մադ­րականին՝ վեր­ջերս յայտնա­բերուած անձնա­կան ար­խիւնե­րու ամբողջու­թիւնը։ Աւե­լի քան մէ­կու­կէս ժամ ան լա­րուած հե­տաքրքրու­թեան մէջ պա­հեց հոծ թի­ւով ներ­կայ հա­սարա­կու­թիւնը՝ բաժ­նե­լով գիր­քի ստեղծման պատ­մութիւնն ու բազ­մա­թիւ ու­շագրաւ դրուագ­ներ։ (Նշենք, որ նա­խատե­սուած էր «Մա­նու­շեանը Պան­թէոնի մէջ» յանձնա­խումբի նա­խագահ պրն Ժան-Փիէր Սա­քու­նի ներ­կա­յու­թիւնը եւս, սա­կայն վեր­ջին պահու ար­գելքի մը պատ­ճա­ռով ան կը բացակայէր)։ 

Տիկին Վար­ժա­պետեան վեր­յի­շեց այս օրա­տետ­րե­րուն հմա­յիչ «ար­կա­ծախնդրու­թիւնը»՝ սկսեալ այն ժա­մանակ­նե­րէն, երբ Մա­նու­շեան զա­նոնք կը պա­հէր իր գրպան­նե­րուն մէջ՝ ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար Սէնթ-Ժը­նըվիէվի, իր աշխատած գոր­ծա­տան կամ Լիւքսեմ­պուրկի պար­տէ­զին մէջ իր կա­տարած ըն­թերցումնե­րը, մին­չեւ անոնց փրկու­թիւնը իր կ­նոջ՝ Մե­լինէի կող­մէ։ Պա­տերազ­մէն ետք Երե­ւան փո­խադ­րուելով՝ անոնք եր­կար ատեն պահ­պա­նուած են հոն, նախ­քան վե­րագտնուիլն ու այ­սօր ամ­բողջու­թեամբ հրա­տարա­կուի­լը։ 

Սու­զում՝ կազ­մա­ւորուող բա­նաս­տեղծի մը նե­րաշ­խարհին մէջ 

Ի՞նչ կը պա­րու­նա­կեն գործնա­կանա­պէս այս օրա­տետ­րե­րը։ Հա­ւաքե­լով իր անձնա­կան գրա­ռումնե­րը 1927-էն 1939 թուական­նե­րուն մի­ջեւ — Դի­մադ­րութեան շար­ժումին իր միանա­լէն եւ «Կար­միր որմազդ»-ի (Affiche rouge) դրուագէն շատ առաջ — անոնք առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կու տան իր ներ­քին ձայ­նին ու մտա­ւորա­կան եւ բա­րոյա­կան կազ­մա­ւոր­ման ընդհա­նուր պատ­կե­րը։ Հոն կը գտնենք կար­դա­ցուած կամ կար­դա­ցուե­լիք գիր­քե­րու թուանի­շեր (cotes), ժա­մադ­րութիւններ, ժա­մանա­կացոյ­ցեր եւ առօ­րեայ կեան­քի փոք­րիկ ար­ձա­նագ­րութիւններ։ Նաեւ՝ անոր տա­րակոյսնե­րը, խո­հերն ու մտո­րումնե­րը ազա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան, աք­սո­րի, ըն­կե­րային պայ­քարնե­րու, հայ­կա­կան ինքնու­թեան, հա­մայ­նա­վարու­թեան կամ նոյ­նիսկ բա­նուո­րական պայ­մաննե­րու մա­սին։ Եւ տա­կաւին՝ բա­նաս­տեղծու­թիւններ, նա­խագի­ծեր ու պա­տառիկ­ներ (հա­յերէ­նով եւ ֆրան­սե­րէնով)՝ յա­ճախ կրե­լով Ռո­մէն Ռո­լանէն, Վիք­թոր Հիւ­կո­յէն, Պոտ­լէ­ռէն կամ Օս­քար Ուայլտէն իր ըն­թերցումնե­րուն դրոշ­մը։ Ասոնց կ՚աւել­նան արուես­տի եւ երաժշտու­թեան մա­սին նշումներ, որոնք կ՚ապա­ցու­ցեն մշա­կոյ­թի ճամ­բով իր «վեր բարձրա­նալու» բուռն կամ­քը։ Այս Օրա­տետ­րե­րուն պատ­մա­կան ներդրու­մը ահ­ռե­լի է. անոնք կը լու­սա­բանեն Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած, հայ­րե­նազուրկ որ­բին ու­ղին, որ ան­ցած է Պէյ­րութի որ­բա­նոց­նե­րէն՝ Փա­րիզի մէջ դառ­նա­լով բա­նուոր եւ խան­դա­վառ ինքնուս։ 

Մա­նու­շեանը եւ Սէնթ-Ժը­նըվիէվ գրա­դարա­նը 

Այս ձեռ­նարկը յատ­կա­պէս կ՚ընդգծէր դի­մադ­րա­կան-բա­նաս­տեղծին կեր­պա­րը այս գրա­դարա­նին միաց­նող խիստ զօ­րաւոր կա­պը։ Եր­կու հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազմնե­րու մի­ջեւ ին­կած ժա­մանա­կաշրջա­նին, Մի­սաք Մա­նու­շեան անոր յա­ճախա­կի ըն­թերցող­նե­րէն էր։ Հո՛ն էր, որ ան կը յագեց­նէր սոր­վե­լու իր ծա­րաւը՝ ձե­ռային աշ­խա­տան­քին զու­գա­հեռ։ Գոր­ծա­տան եւ գրա­դարա­նին մի­ջեւ կի­սուած անոր կեան­քին այս երե­սը այժմ յա­ճախ լու­սարձա­կի տակ կ՚առ­նուի, յատ­կա­պէս 2024-ին Պան­թէոն անոր մուտքին առի­թով։ Վե­հաշուք գիրք մը՝ զոր պէտք է կար­դալ եւ անով տո­գորուիլ։ 

ՇԱՆԹ ՈՍ­ԿԵ­ՐԻՉԵԱՆ

*  *  *

Ահա­ թէ ի՛նչ կը գրէ տիկ. Անն Վերն՝ Սէնթ-Ժը­նըվիէվ գրա­դարա­նի 2026 թուակա­նի Մարտ ամ­սուան լրատուին մէջ.

Ամ­սուան Գան­ձը — Մարտ 2026 

Մի­սաք Մա­նու­շեան Սէնթ-Ժը­նըվիէվի մէջ. 

հան­րա­գիտա­րանա­յին միտ­քը՝ ի սպաս իտէալի մը 

«Ես միշտ կը մնամ թուղթի ու գիր­քե­րու երա­զան­քով ար­բե­ցած տղայ մը» 

2024 Փետ­րուար 21-ին Միսաք Մանուշեանի՝ Պան­թէոն մուտքին առթիւ արտասանուած ճա­ռին մէջ յի­շատա­կուած՝ անոր՝ Սէնթ-Ժը­նըվիէվ գրա­դարան յա­ճախե­լը այժմ ար­դէն փաս­տագրուած է։ Իր ձեր­բա­կալու­թե­նէն ետք փրկուած ու ապա Հա­յաս­տա­նի մէջ պահ­պա­նուած անոր օրա­տետ­րե­րու քա­ղուածքնե­րուն հրա­տարա­կու­թիւնը կա­րելիու­թիւն կու տայ կազ­մե­լու ցանկ մը թէ՛ գրա­կանու­թեան, պատ­մութեան եւ արուես­տի, եւ թէ՛ իմաս­տա­սիրու­թեան ու հո­գեվեր­լուծու­թեան մար­զե­րուն նուիրուած աւե­լի քան 150 գիրքե­րու, որոնք ընթերցուած են 1931-էն 1933 թուական­նե­րուն ըն­թացքին։ 

1915-ի Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած որբ՝ Մա­նու­շեան տասնհինգ տա­րեկա­նին կը հաս­նի Մար­սիլիա 1924-ին, ապա 1925-ին կը հաս­տա­տուի Փա­րիզ՝ իր եղ­բօր՝ Կա­րապե­տին հետ։ Վեր­ջի­նիս մա­հէն ետք՝ 1927-ի գար­նան, ան կ՚ապ­րի rue des Fossés-Saint-Jacques, թիւ 2 հաս­ցէին։ 1929-ի տնտե­սական տագ­նա­պի պայմաններուն մէջ ան գոր­ծազրկու­թեան շրջան­ներ կ՚ու­նե­նայ եւ այդ ազատ ժա­մանա­կը կ՚օգ­տա­գոր­ծէ իր կրթու­թիւնը կա­տարե­լագոր­ծե­լու հա­մար։ Լա­տինա­կան թա­ղամա­սի (Quartier latin) կեդ­րո­նը գտնուող եւ բո­լորին լայ­նօ­րէն բա­ց Սէնթ-Ժը­նըվիէվ գրա­դարա­նը կա­տարեալ վայրն էր իրեն հա­մար։ Հո՛ն է, որ 1928-ին ան կը հան­դի­պի բա­նաս­տեղծ Գե­ղամ Ար­մա­ճեանին՝ ծա­նօթ Սե­մա անու­նով, եւ գե­ղան­կա­րիչ Գրի­գոր Պե­տիկեանին, որոնց հետ կը հաս­տա­տէ խիստ զօ­րաւոր բա­րեկա­մու­թիւն մը։ 

Մա­նու­շեանի ըն­թերցումնե­րուն տա­րողու­թիւնը ցոյց կու տայ թէ՛ անոր գի­տելի­քի ծա­րաւը,— «Ես ամէն օր պէտք է միտքս ու հո­գիս սնու­ցա­նեմ գի­տելի­քով ու քեր­թո­ղու­թեամբ՝ առօ­րեայ կեան­քիս մէջ չայ­րե­լու հա­մար, զօ­րանա­լու հա­մար, ամէ­նօրեայ ըն­կե­րային պայ­քա­րին դի­մաց ին­ծի զրահ մը սարքելու հա­մար»,– ինչպէս կը գրէ ան իր Օրա­տետ­րե­րուն մէջ,— եւ թէ՛ գրա­դարա­նի հա­ւաքա­ծոնե­րուն հարստու­թիւնը։ Գիրք մը, որուն Մա­նու­շեան ծա­նօթա­ցած է 1933 Օգոս­տո­սին, յատ­կա­պէս կը գրա­ւէ անոր ու­շադրու­թիւնը՝ թէ՛ իր նիւ­թով եւ թէ՛ ծա­գու­մով. «Հա­յոց ար­դի պատ­մութիւ­նը՝ թա­գաւո­րու­թեան ան­կումէն մին­չեւ մեր օրե­րը (1375-1916)», հրա­տարա­կուած 1917-ին Կա­րապետ Պաս­մա­ճեանի կող­մէ, որ հայ­կա­կան «Բա­նասէր» հան­դէ­սի տնօ­րէնն ու Փա­րիզի Ասիական ըն­կե­րու­թեան ան­դամ էր։ Ժագ տը Մոր­կան՝ հան­քե­րու ճար­տա­րագէտ եւ հնա­գէտ, Հա­յաս­տա­նի գի­տակ ու պաշտպան, հոն կը գրէ. «Հայ ժո­ղովուրդին հո­գին է, որ ամ­բողջու­թեամբ կը տես­նենք այս էջե­րուն ընդմէ­ջէն»։ Օրի­նակը նուիրուած էր 1917-ին «Նո­րին Գե­րազան­ցութիւն Քէ­լէքեան Խա­նի կող­մէ, 2, Place Vendôme Paris»՝ իս­լա­մական եւ ար­դի արուես­տի յայտնի վա­ճառա­կան ու հա­ւաքորդ։ Այս նուէրը կը վկա­յէ ֆրան­սա­կան մշա­կու­թա­յին դաշ­տին մէջ գրա­դարա­նի դե­րակա­տարու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին։ Ու­րիշ ու­շագրաւ փաս­տա­թուղթ մըն է Ռո­մէն Ռո­լանի «Պէթ­հո­վըն»-ը՝ լոյս տե­սած Éditions du Sablier-ի կող­մէ 1929-ին։ 1928-ի հրա­տարա­կու­թե­նէն մէկ հա­տորի վե­րածուած եւ փոք­րա­ցուած ձե­ւաչա­փով այս գիր­քը, որ փայ­տագրու­թիւննե­րով (gravures sur bois) պատ­կե­րազար­դուած եւ երաժշտա­կան նշումնե­րով հարստա­ցած է, յի­շատա­կուած է Օրա­տետ­րե­րուն մէջ 1932 Յու­լիս 21 թուակի­րով, եւ կը դառ­նայ ման­րա­մասն ըն­թերցման մասին գրա­ռու­մի մը նիւ­թը, ինչ որ կը հաս­տա­տէ արուես­տի եւ յատ­կա­պէս երաժշտու­թեան հան­դէպ Մա­նու­շեանի ճա­շակը։ Իր կնոջ վկա­յու­թիւննե­րու գիր­քին մէջ, վեր­ջինս կը նշէ թէ ան «կ՚ու­զէր գիր­քեր գրել արուես­տի, բո­լո՛ր արուեստնե­րուն մա­սին», եւ միւս կող­մէ յայտնի է, որ իր նա­խընտրած եր­կը Ռո­մէն Ռո­լանի «Ժան-Քրիս­թոֆ»-ն էր: Գրա­կանու­թիւնը գլխա­ւոր տեղ կը գրա­ւէ անոր ըն­թերցումնե­րուն մէջ. ֆրան­սա­կան գրա­կանու­թիւնը՝ Անա­թոլ Ֆրան­սի, Ալ­պէր Սա­մէնի կամ Սթե­ֆան Մա­լառ­մէի գոր­ծե­րով, բայց նաեւ օտար գրա­կանու­թիւնը՝ եւ­րո­պացի մեծ հե­ղինակ­նե­րով, առանց մոռ­նա­լու արե­ւելեան հե­քիաթ­նե­րը։ Այս վեր­ջիննե­րուն շար­քին, Ժո­զէֆ Շառլ Մարտրիւ­սի «Հա­զար ու մէկ գի­շեր­ներ»-ու հրա­տարա­կու­թիւնը։ Գա­հիրէ ծնած, Լի­բանա­նի մէջ ու­սա­նած եւ փա­րիզեան կեան­քի դէմ­քե­րէն հան­դի­սացած այս բժիշ­կը, արե­ւելա­գէտն ու բա­նաս­տեղծը կը վե­րամ­շա­կէ ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող տար­բեր բնա­գրեր՝ Կա­լանի (Galland) տար­բե­րակէն աւե­լի մարմնա­կան (érotique) մեկ­նա­բանու­թեամբ մը։ Այս գոր­ծը յի­շատա­կուած է օրա­տետ­րե­րուն մէջ 1933 Օգոս­տոս 23-ին։ 

Եւ վեր­ջա­պէս, Մանուշեանի ընթերցանութեան փաղանգին մաս կազ­մած են Շառլ Մա­քէի (Charles Maquet) հա­մեստ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը՝ Hachette-ի կող­մէ հրա­տարա­կուած դպրո­ցական դա­սագիր­քեր, նա­խատե­սուած նա­խակրթա­րանի աշա­կերտնե­րուն, ինչպէս նաեւ ու­սուցչա­նոց­ներու պատ­րաստուող­նե­րուն հա­մար, որոնք հա­ւաքա­ծոնե­րուն մէջ մուտք գոր­ծած են տպագ­րիչնե­րու պարտադիր առաքման ճամ­բով (Dépôt légal imprimeur)։ Հա­մալ­սա­րանա­կան ցան­ցին մէջ եզա­կի ըլ­լա­լով կամ գտնուելով միայն Լիոնի Տիտըրօ գրա­դարա­նին մէջ՝ անոնք յու­զիչ կեր­պով կը վկա­յեն իր լա­փած նիւթե­րը աւե­լի լաւ ըմբռնե­լու գոր­ծիքնե­րով զի­նուե­լու Մա­նու­շեանի մտա­հոգու­թեան մա­սին։ 

ԱՆՆ ՎԵՐՆ, 

Վա­ւերագ­րա­կան քա­ղաքա­կանու­թեան բա­ժան­մունք 

Հրա­տարա­կու­թեան տուեալ­ներ. 

Խո­րագիր՝ Մի­սաք Մա­նու­շեանի Օրա­տետ­րե­րը (վե­րատ­պութիւննե­րով, բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու, նա­մակ­նե­րու եւ ժա­մանա­կակից­նե­րու յու­շե­րու ընտրա­նիով) 

Հրա­տարա­կիչ՝ Parenthèses հրա­տարակ­չութիւն, 

« Diasporales » (Սփիւռքեան) հա­ւաքա­ծոյ 

Լոյս ըն­ծա­յում՝ Փետ­րուար 2026 

Ձե­ւաչափ՝ 16,5 x 23 սմ., 384 էջ 

ISBN՝ 978-2-86364-457-7

***************************************

Գի­տէի՞ք թէ… 

Սէնթ-Ժը­նըվիէվ գրա­դարա­նը կը գտնուի Փա­րիզի 5-րդ թա­ղամա­սի Փան­թէոն հրա­պարա­կին վրայ, Լատինական թաղամասի սիր­տին մէջ։ Այս միջ­հա­մալ­սա­րանա­կան եւ հան­րա­յին պե­տական գրա­դարա­նը կայք հաստատած է շէնքի մը մէջ, որ կա­ռու­ցուած է 1843-1850 թուական­նե­րուն ճար­տա­րա­պետ Հան­րի Լապ­րուսթի կող­մէ՝ նախ­կին Մոն­թեկիւ դպրո­ցին տե­ղը։ Ան ժա­ռան­գորդն է հա­րեւա­նու­թեամբ գտնուող նախ­կին Սէնթ-Ժը­նըվիէվ աբ­բա­յու­թեան (այժմ՝ «Հան­րի Դ.» վար­ժա­րան), որ ժա­մանա­կին կը հիւ­րընկա­լէր Եւ­րո­պայի եր­րորդ ամէ­նէն կա­րեւոր գրա­դարա­նը։ Մատ­չե­լի ըլ­լա­լով որե­ւէ չա­փահա­սի կամ Պա­քալօրէայի վկա­յական ու­նե­ցողի, ան ու­նի հան­րա­գիտա­րանա­յին հա­ւաքա­ծոներ, որոնք կը հա­շուեն մօ­տաւո­րապէս եր­կու մի­լիոն հա­տոր՝ բաժ­նուած երեք ֆոն­տե­րու. Պա­հուստ (La Réserve – հին, հա­զուա­գիւտ եւ ար­ժէ­քաւոր ֆոն­տեր), Ընդհա­նուր ֆոնտ (աշ­խա­տու­թիւններ եւ պար­բե­րական­ներ՝ 1811-էն մին­չեւ մեր օրե­րը), Հիւ­սի­սային գրա­դարան (շատ հա­րուստ ֆին­նա-սքան­տի­նաւեան ֆոնտ մը՝ ժա­ռան­գուած աբ­բա­յութենէն)։ ■

***************************************