Մայիս 4 — 5-ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Հայաստան-ԵՄ անդրանիկ վեհաժողովը
Մայիս 4-5-ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ) անդրանիկ վեհաժողովը, ուր Հայաստանը պիտի ներկայացնէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, իսկ Եւրոպական Միութիւնը՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթան՝ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնի հետ միասին։
Վեհաժողովին ընդառաջ՝ Քոշթան եւ ֆոն տեր Լայէնը պիտի մասնակցին նաեւ Մայիս 4-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովին։
Արտաքին Գործոց նախարարութեան լրատուական վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Հայաստան-ԵՄ վեհաժողովի առանցքին պիտի ըլլան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման, յատկապէս՝ տնտեսութեան, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու, թուային եւ մարդկային շփումներու մարզերուն վերաբերող հարցերը։ Առաջնորդները նաեւ պիտի քննարկեն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան, փոխկապակցուածութեան եւ բարգաւաճման ապահովման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ ընթացիկ համաշխարհային մարտահրաւէրները։
«Հայաստան-ԵՄ վեհաժողովը կը ցոլացնէ վերջին տարիներուն երկկողմանի գործընկերութեան աննախադէպ վերելքը։ Հայաստանի հետ ԵՄ-ի յարաբերութիւնները հիմնուած են “Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր”-ին վրայ, որ ուժի մէջ մտած է 2021-ին, եւ “Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգ” փաստաթուղթին վրայ, որ ընդունուած է Դեկտեմբեր 2025-ին կայացած Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան խորհուրդի նիստին՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, ԵՄ-ի Արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի եւ ԵՄ-ի ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոսի մասնակցութեամբ։ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի առանցքային գործընկերն է բարեփոխումներու օրակարգի, ինչպէս նաեւ առեւտուրի ու ներդրումներու մարզերուն մէջ»,– նշուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։ ■
