Մեծ հրդեհ Երեւանի մէջ.
նախկին «Կանազ» մշակոյթի տան յարակից շէնքերու բնակիչները տարհանուած են
Երեւանի Ազատութիւն պողոտային վրայ գտնուող նախկին «Կանազ» մշակոյթի տան չգործող չորսյարկանի շինութեան մէջ Մարտ 25-ի երեկոյեան, մեծ հրդեհ ծագած է: Ներքին գործոց նախարարութեան (ՆԳՆ) համաձայն՝ ահազանգը ստացուած է ժամը 19-ը քիչ անց. դէպքի վայր փութացած են 13 հրշէջ կառքեր:
ՆԳՆ բանբեր Նարեկ Սարգսեան յայտնած է, որ փրկարարները յաջողած են կանխել հրդեհին տարածումը դէպի շատ մօտ գտնուող բնակելի շէնքեր։ Անվտանգութեան նկատառումներով՝ յարակից շէնքերու բնակիչները տարհանուած են։ Ըստ նախնական տուեալներու, տուժած
չկայ, իսկ հրդեհին ծագումին պատճառները տակաւին կը մնան անյայտ:
Փրկարար ծառայութեան ջանքերուն շնորհիւ կրակը ամբողջութեամբ մարած է կէս գիշերէն քիչ առաջ: ■
