300 միլիոն տոլար կը տրամադրուի «Firebird AI»-ին

Արհեստագիտական

Հայաստանի դրամատնային համակարգի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, վեց ելեւմտական հաստատութիւններ միաւորուած են «համախմբուած վարկ»-ային (prêt syndiqué)  համաձայնագիրի մը շուրջ՝ 300 միլիոն տոլարի գանձատրում տրամադրելու համար «Firebird AI» հսկայական ծրագիրին: Այս աննախադէպ գործարքը պիտի գանձատրէ շուրջ 450 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագրին առաջին փուլի հիմնական բաժինը։

Մարտ 26-ին ստորագրուած այս համաձայնագիրը կը նկատուի արհեստագիտական մեծ ծրագիրի մը աջակցող առաջին համախմբուած վարկի պայմանագիրը Հայաստանի մէջ։ Ան կը նկարագրուի նաեւ որպէս երկրի ելեւմտական շուկային մէջ ցարդ կնքուած ամէնէն մեծ գործարքը՝ թէ՛ ֆինանսաւորման ծաւալով եւ թէ՛ ներդրումային տարողութեամբ: Սա նոր հանգրուան մըն է երկրի ֆինանսական համակարգին համար, ուր կը ներդրուի նոր ձեւաչափ մը. բազմաթիւ դրամատուներ եւ ներդրումային ընկերութիւններ միացեալ ուժերով կը գանձատրեն մեծածաւալ ծրագիր մը՝ բաշխելով թէ՛ վտանգները, թէ՛ ալ արդիւնքները։ Այս մօտեցումը կարելիութիւն կու տայ շատ աւելի մեծ ներդրումներ կատարելու, քան այն՝ ինչ որ սովորաբար կրնար իրագործուիլ լոկ մէկ վարկատուի միջոցով։

Այս պատմական գործարքին, որ նախաձեռնուած եւ ղեկավարուած է «Արդշինբանկ»-ին կողմէ, կը մասնակցին նաեւ «Ակբա բանկ»-ը, «Էվոկաբանկ»-ը, «Ֆասթ բանկ»-ը, ինչպէս նաեւ «Սէ-Քուատրաթ Ամփեկա Ասէթ Մենէճմընթ Արմենիա» եւ «Ամունտի-Աքպա Ասէթ Մենէճմընթ» հիմնադրամները։ Տրամադրուած գումարը պիտի ծառայէ «Firebird AI»-ի նախագիծին՝ Հայաստանի մէջ ստեղծելու արհեստական բանականութեան արդիական տուեալներու կեդրոն մը՝ օգտագործելով «NVIDIA»-ի առաջատար արհեստագիտութիւնը: Կ՚ակնկալուի, որ այս կեդրոնը դառնայ տարածաշրջանի ամէնէն հզօր գերհամակարգչային եւ արհեստական բանականութեան տուեալներու մշակման կայանը՝ ընդլայնելով նորագոյն ենթակառոյցներու հասանելիութիւնը հետազօտական հաստատութիւններու, արհեստագիտական ընկերութիւններու եւ ձեռնարկութիւններու համար:

Հայաստանի Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան նշած է, որ այս քայլը շատ աւելին է, քան պարզապէս մէկ ընկերութեան մէջ կատարուած ներդրում մը՝ զայն որակելով որպէս լուրջ ներդրում Հայաստանի արհեստագիտական մարզին, նորարարական միջավայրին, գիտութեան եւ ընդհանուր տնտեսութեան մէջ: Նախարարը յիշեցուցած է, որ այս ծրագիրը կը բխի 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած ռազմավարական փաստաթուղթերէն, յատկապէս՝ արհեստական բանականութեան եւ կիսահաղորդիչներու մարզերուն մէջ կնքուած երկկողմանի փոխըմբռնման յուշագիրէն: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն, «Firebird»-ի հիմնադիրներուն եւ հայկական ելեւմտական ու դրամատնային հատուածին՝ այս համաձայնութիւնները շօշափելի արդիւնքի վերածելնուն համար:

Նշենք, որ ստորագրութեան պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուած են նախարար Հայրապետեան, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարտին Գալստեան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործակատար Տէյվիտ Ալըն, ինչպէս նաեւ մասնակից հաստատութիւններու ներկայացուցիչները: