Քաղաքապետական ընտրութիւններուն՝ ֆրանսահայ ներկայացուցչութիւնը
Մեր նախորդ հրապարակումներուն մէջ սկսած էինք ուրուագծել Մարտ 15 եւ 22-ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն յաջորդած ֆրանսահայ ներկայացուցչութեան առաջին պատկերը: Այսօր կ՚առաջարկենք տեղական քաղաքական այս նոր համայնապատկերին շատ աւելի համապարփակ մէկ ակնարկը: Սակայն, յստակացում մը անհրաժեշտ է. այս ամփոփումը ամբողջական ըլլալու ոչ մէկ յաւակնութիւն ունի: Այս ընտրութիւններէն բխող տուեալներու ծաւալը հսկայական է՝ շուրջ 35.000 քաղաքներու եւ համայնքներու մէջ ընտրուած մօտ 500.000 քաղաքապետական խորհուրդի անդամներով: Հետեւաբար գործնականօրէն անկարելի է ուսումնասիրել ազգային մակարդակի վրայ այսքան հսկայական տուեալներու շտեմարան մը՝ ընտրեալները «զտել»-ու համար զուտ ստուգաբանական կամ մականուններու հիման վրայ: Բայց եւ այնպէս, ֆրանսահայ սփիւռքի պատմական յենակէտերուն մանրամասն դիտարկումը թոյլ կու տայ կազմել քիչ թէ շատ յստակ պատկեր մը:
Մեծ քաղաքներու կառավարումէն մինչեւ տեղական քաղաքապետարաններ, հայկական ծագումով ընտրեալները ներկայ են քաղաքական դաշտի ամբողջ տարածքին: Այս ընտրութիւնները յատկանշուեցան պատմական դէմքերու պահպանումով,– բացառութեամբ քանի մը պարագաներու,– նոր յառաջխաղացքներով, ինչպէս նաեւ խորհրդանշական տեղաշարժերով:
Մեծ քաղաքներուն մէջ այս ընտրութիւնները ճակատագրական եղան քաղաքական երկու գլխաւոր հայազգի դէմքերու համար: Սթրազպուրկի մէջ, բնապահական կուսակցութենէն՝ պաշտօնաւարտ քաղաքապետ Ժանն Բարսեղեան երկրորդ փուլին կորսնցուց իր աթոռը: Սակայն, իր խմբակցութեան ապահոված աթոռներուն շնորհիւ, ան կը մնայ անշրջանցելի ձայն մը եւ այսուհետեւ տեղ պիտի գրաւէ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ՝ քաղաքապետական խորհուրդէն եւ Եւրոմեթրոփոլէն ներս: Ինչ կը վերաբերի Լիոնի պարագային, նախկին քաղաքապետ Ժորժ Քեփէնէկեանի տեղական քաղաքական էջը կը փակուի: Անոր ցանկը ստացած ըլլալով քուէներու միայն փոքր տոկոս մը՝ ոչ մէկ աթոռ կ՚ապահովէ եւ կը լքէ նոր քաղաքապետական ու մայրաքաղաքային (métropolitaine) խորհուրդները:
Փարիզեան շրջանին մէջ է, որ ֆրանսահայ ներկայութիւնը կը մնայ ամէնէն կազմակերպուածը՝ Ալֆորվիլը ունենալով որպէս առաջատար: Նոր քաղաքապետական կազմը կ՚ընդգրկէ համայնքի բազմակարծիք ներկայացուցչութիւն մը՝ ցոլացնելով ազգային եւ համայնքային մակարդակներու վրայ քաղաքական պատկանելիութիւններու լայն շրջանակ մը: Քաղաքը այժմ ունի հայկական ծագումով քաղաքապետի չորս տեղակալ (փոխքաղաքապետ)՝ Վիքթորիա Սիմոնեան (Ընկերվարական կուսակցութիւն — PS), Տեպորա Զապունեան (Քաղաքացիական Հասարակութիւն — SC), Կարօ Խաչիկեան (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն — ՀՅԴ) եւ Սարօ Մարտիրեան (Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն — ՍԴՀԿ): Անոնց կ՚աջակցին քանի մը շատ գործօն քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, որոնց կարգին՝ Լենա Մելքոնեան (ՍԴՀԿ), ինչպէս նաեւ Արաքս Տէր Գէորգեան (արհեստական բանականութեան հարցերու պատասխանատու) եւ Ֆրետերիք Գոստիքեան (վտանգներու կանխարգիլման հարցերու պատասխանատու), երկուքն ալ ՀՅԴ-ի շարքերէն: Իլ-տը-Ֆրանսի աւանդականօրէն հայահոծ այլ քաղաքներ եւս կը հաստատեն այս արմատաւորումը: Արնուվիլ քաղաքին մէջ (Վալ-տ’Ուազի նահանգ), Մեսրոպ Ալթունեան, Նեկտար Պալեան եւ Ռոզ-Մարի Ապուսեֆեան ընտրուած են նոր քաղաքապետական խորհուրդի անդամ: Հօ-տը-Սէնի մէջ, Իսի-լէ-Մուլինօ, Արթիւր Խանճեան կը պահպանէ իր տեղը քաղաքապետական խորհուրդին մէջ՝ Անտրէ Սանթինիի մեծամասնական ցանկով, մինչ Փլեսի-Ռոպէնսոնի մէջ Մարիաննա Ադամեան ընտրուած է առաջին իսկ փուլէն՝ քաղաքապետ Ֆիլիփ Փեմեզէքի մեծամասնութեան կազմէն:
Ռոնի հովիտին մէջ, Սփիւռքի քաղաքական յանձնառութիւնը չի տկարանար, նշանակալի ներկայութեամբ թէ՛ տեղական մեծամասնութիւններուն եւ թէ՛ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ: Տէսին-Շարփիէօ քաղաքին մէջ ընտրուած են քանի մը առանցքային անձնաւորութիւններ։ Այսպէս, Լօռանս Ֆոթրայի մեծամասնութեան մէջ կը գտնենք անփոխարինելի Տընի Ճորքայէֆը՝ Տանի-Գլօտ Զարդարեանի, Անայիս Տոլմաճեանի եւ Արման Գրիգորեանի կողքին: Ընդդիմութիւնն ալ ետ չի մնար, մրցակից ցանկերու վրայ Տորիան Ռու-Մուրատեանի եւ Իզապէլ Տէր-Վահանեանի ընտրութեամբ: Դէպի աւելի հարաւ, Տրոմի մէջ, Ֆրանք Տիրացոնեան ընտրուած է Վալանսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ վերընտրուած քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնի ցանկով: Դրացի Պուռ-լէ-Վալանս համայնքը նոյնպէս կը պահպանէ իր սերտ կապերը Հայաստանի հետ՝ շնորհիւ Ռոզալին Ասլանեան-Ապրարի ընտրութեան, որ նշանակուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան հարցերու պատասխանատու խորհրդական, եւ Ժորժ Իսահակեանի, որ նոյնպէս նոր խորհուրդի անդամ է: Իզէրի Վիէն քաղաքին մէջ Լեւոն Սագունց ընտրուած է առաջին փոխքաղաքապետ՝ կրթութեան, բարձրագոյն ուսման, պարէնաւորման եւ գնողունակութեան հարցերով:
Հուսկ, Փրովանս-Ալփ-Գոթ տ’Ազիւր (ՓԱԳԱ) շրջանին եւ յատկապէս Մարսիլիոյ մէջ, հայկական մշակոյթն ու ներկայութիւնը կը մնան տեղական ինքնութեան անշրջանցելի եւ պատմական բաղադրիչները: Այս քաղաքապետական ընտրութիւններու ընթացքին հայկական ծագումով անձնաւորութիւններ ներկայացան տարբեր դաշինքներով: Ձախերու եւ բնապահներու ճակատին կը գտնենք գործուն ընտրեալներ, ինչպէս Էրիք Սեմերճեանը՝ ընկերային նորարարութեան հարցերու քաղաքապետական խորհրդական, եւ Ժիւլիէն Հարունեանը: Տեղական ընդդիմութիւնը եւ թաղապետարանները նոյնպէս ունին լաւ արմատաւորուած դէմքեր, ինչպէս՝ Տիտիէ Փարաքեանը՝ քաղաքապետական եւ մայրաքաղաքային խորհրդական, Ֆիլիփ Խոզեանը՝ 11-րդ եւ 12-րդ թաղամասերու առաջին փոխքաղաքապետը, կամ Օռոր Պրիւնան, որ նաեւ խիստ ներգրաւուած է Մարսիլիոյ հայկական միութենական կեանքին մէջ: Զուգահեռաբար, այլ թեկնածութիւններ ալ երանգաւորեցին քարոզարշաւը, ինչպէս օրինակ՝ երեսփոխան Սեպասթիէն Տըլոկիւի թեկնածութիւնը, որուն հայրը հայկական ծագում ունի: Առաջին փուլին LFI-ի ցանկը գլխաւորելէ ետք, ան Բ. փուլին ետ քաշեց իր թեկնածութիւնն ու ցանկը ի նպաստ Պընուա Փայանի՝ Ազգային Համախմբումին (RN) դէմ պատնէշ կանգնելու համար: Այսպէսով, Մարսիլիոյ հայութիւնը, որ միշտ իր գործուն մասնակցութիւնը ունեցած է երկրին քաղաքական կեանքին՝ անոր թէ՛ աջ եւ թէ՛ ձախ թեւերուն մէջ, կը շարունակէ իր կարեւոր նպաստը բերել Ֆրանսայի տեղական կառավարման եւ հանրապետութեան ապագայի կերտման աշխատանքներուն։
