«Wizz Air»-ի՝ Երեւանէն նոր ուղղութիւնները
Հայաստան կը վերաձեւաւորէ տարածաշրջանի փոխադրամիջոցային ցանցը՝ աստիճանաբար վերածուելով տարանցիկ կարեւոր կեդրոնի մը: Այս ծիրէն ներս, «Wizz Air» օդանաւային ընկերութիւնը կ՚աւելցնէ Հայաստանէն դէպի եւրոպական երկիրներ իր թռիչքներուն թիւը։ Հոկտեմբերէն սկսեալ, ուղեւորները կարելիութիւն պիտի ունենան Երեւանէն մեկնելու դէպի Նիտերլանտներու Էյնտհովըն քաղաքը, իսկ 2027 Փետրուարին պիտի աւելնան նաեւ թռիչքներ դէպի Պելճիքայի մայրաքաղաք՝ Պրիւսէլ:
Զուգահեռաբար, ընկերութիւնը կ՚ընդլայնէ Հայաստանի մէջ իր մնայուն օդանաւերուն թիւը՝ երկուքէն բարձրացնելով երեքի։ Սա ապագային թոյլ պիտի տայ շաբաթական շատ աւելի մեծ թիւով թռիչքներ ապահովել դէպի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ այլ երկիրներ:
«Wizz Air»-ի առեւտրային հարցերու գլխաւոր տնօրէն Իան Մալին այս առիթով յայտարարած է. “Այսօրուան լաւ լուրն այն է, որ Հայաստանի մէջ մեր օդանաւերուն թիւը երկուքէն պիտի հասնի երեքի: Ասոր շնորհիւ մենք երկու նոր ուղղութիւններ կը բանանք՝ Էյնտհովըն եւ Պրիւսէլ: Դէպի Էյնտհովըն թռիչքները պիտի կատարուին շաբաթական երեք անգամ՝ սկսելով Հոկտեմբերէն, իսկ դէպի Պրիւսէլ թռիչքները նոյնպէս պիտի կայանան շաբաթը երեք անգամ՝ յառաջիկայ Փետրուարէն սկսեալ”։
