Քերովբեան համոյթին բացառիկ ելոյթը Փարիզի մէջ

PHOTO-2026-03-29-19-28-17

«Մանտափա» կեդրոնի 50-ամեակին առթիւ 

Կիրակի, Մարտ 29-ի երե­կոյեան, Փա­րիզի «Ման­տա­փա» (Mandapa) կեդ­րո­նի կո­կիկ սրա­հը ծայ­րէ ծայր լե­ցուած էր հայ­կա­կան աւան­դա­կան երաժշտու­թեան արուես­տա­սէր­նե­րով: Կեդ­րո­նի հիմ­նադրու­թեան 50-ամեակի յո­բելի­նական ձեռ­նարկնե­րու ծի­րէն ներս, ելոյթ ու­նե­ցաւ յայտնի «Քե­րով­բեան» հա­մոյ­թը՝ հան­դի­սատե­սին հրամցնե­լով Կո­միտաս Վար­դա­պետի գրի առած հայ ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րու հա­րուստ ընտրա­նի մը:

Հա­մոյ­թը, որ բաղ­կա­ցած է Քե­րով­բեան ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րէն, բե­մին վրայ հան­դէս եկաւ իր աւան­դա­կան եւ ինքնա­տիպ կազ­մով. Վիր­ժի­նիա եւ Շու­շան Քե­րով­բեան­ներ հան­դէս եկան մե­ներ­գե­րով, Արամ Քե­րով­բեան՝ քա­նոնով եւ եր­գով, իսկ Վա­հան Քե­րով­բեան՝ տա­փով եւ եր­գով:

Երե­կոյ­թին յայ­տա­գիրը կ’ընդգրկէր կո­միտա­սեան ան­զուգա­կան գո­հար­նե­րու ճոխ փունջ մը: Հան­դի­սատե­սը հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ ունկնդրե­լու եւ վա­յելե­լու «Ամ­պել ա կա­մար-կա­մար», «Զինչ ու զինչ», «Ալա­գեազ — Խնկի ծառ», «Սար, սար», «Ես սա­րէն կու գա­յի», «Ու­ռի ծառ», «Հով արէք», «Գա­րուն ա», «Կան­չէ կռունկ», «Կուժն առայ», «Այս գի­շեր լուսնակ գի­շեր», «Արեւ թրվռով ելաւ» եւ «Մա­րօ» սի­րուած եր­գե­րը։

Յատ­կան­շա­­­կան է, որ ֆրան­­սա­­­խօս եւ հա­­յերէն չգիտ­­ցող ունկնդիր­­նե­­­րուն հա­­մար բաժ­­նո­ւած յայ­­տագրի գրքոյ­­կին մէջ զե­­տեղո­ւած էին եր­­գե­­­րուն բո­­վան­­դա­­­կու­­թեան ֆրան­­սե­­­րէն գե­­ղեցիկ թարգմա­­նու­­թիւննե­­րը: Անոնց մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը կա­­տարո­ւած էր Անն Բար­­սե­­­ղեանի կող­­մէ, իսկ «Հով արէք»-ի թարգմա­­նու­­թիւնը փոխ առ­­նո­ւած էր Ար­­շակ Չօ­­պանեանի գոր­­ծե­­­րէն:

Երե­կոյ­թի աւար­տին, որ­պէս յու­զիչ անակնկալ, հա­մոյ­թին միացաւ ֆրան­սա­հայ ծա­նօթ արո­ւես­տա­գէտ Ռու­բէն Յա­րու­թիւնեան։ Անոնք միաս­նա­բար կա­տարե­ցին «Ալ այ­լուղս» սի­րուած եր­գը։ Հա­մեր­գը եզ­րա­փակո­ւեցաւ Քե­րով­բեան ամո­լի անդրա­նիկ զաւ­կին՝ Մա­րալին ալ մաս­նակցու­թեամբ եր­գո­ւած «Քէ­լէ քէ­լէ»-ով։ 

Այս իւ­րա­յա­տուկ հա­­մեր­­գը ոչ միայն ար­­ժա­­­նավա­­յել կեր­­պով նշեց «Ման­­տա­­­փա» կեդ­­րո­­­նի կէս­­դա­­­րեայ յո­­բելեանը, այ­­լեւ Փա­­րիզի սրտին մէջ վերստին կեն­­դա­­­նացուց հայ­­կա­­­կան ժո­­ղովրդա­­կան աւան­դա­կան եր­գա­րուես­տի անա­ղարտ շունչը:

ՇԱՆԹ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ ■