Պոլսոյ «ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ»-ներ Փառատօնի երկրորդ տարին
Screenshot
Բազմաձայն զրոյց՝ Նարօտ Աւճըի, Ժպիտ-Լոյս Կէզէրի, Ռուտի-Սայաթ Փուլաթեանի եւ Վահագն Քէշիշեանի հետ

Մարտ ամիսը մշակութային «Հանդիպում»-ներու ամիս է Պոլսոյ մէջ։ Եսայեան մշակոյթի եւ գրականութեան միութեան կազմակերպութեամբ, արդէն երկրորդ անգամն է, որ կ’իրականանայ «Հանդիպում»-ը։ Միութեան երդիքին տակ երիտասարդներ կամաւորաբար կ’օժանդակեն այս ձեռնարկներու իրականացման։ Պէտք է ներկայ ըլլալ՝ տեսնելու համար անոնց եռանդը, խանդավառութիւնն ու նուիրումը, ինչպէս նաեւ ականատես ըլլալու աշխուժ երիտասարդներով համալրուած համայնքի գործունէութեան։
«Հանդիպում»-ը տարատեսակ մշակութային ձեռնարկներով կը համախմբէ համայնքը։ Անոր ծիրէն ներս կարելի է հանդիպիլ Պոլսոյ մշակութային բոլոր երեսակներուն՝ երաժշտական, գրական, կրթական ու լեզուական ձեռնարկներու, ուր հրաւիրուած են նաեւ Սփիւռքի այլ համայնքներէ մշակութային գործիչներ։ Մարտ ամիսը հասաւ իր աւարտին, բայց Եսայեանի երիտասարդներուն խանդավառութիւնը կը շարունակուի։ Նարօտ Աւճըէն, Ժպիտ-Լոյս Կէզէրէն, Ռուտի-Սայաթ Փուլաթեանէն եւ Վահագն Քէշիշեանէն տեղեկացանք «Հանդիպում»-ներու հիմնադրութեան եւ աշխատանքներուն մասին։
«ՆՅ» – Այս տարի երկրորդն էր «Հանդիպում»-ներուն։ Ի՞նչ էր անոնց մեկնակէտը, նպատակը։
ՆԱՐՕՏ – Անցեալ տարեսկզբին, երբ Եսայեան միութեան այս սենեակին մէջ նստած էինք, միութեան գլխաւոր անդամներէն Միհրան Թովմասեան առաջարկեց Մարտին ծրագիր մը կազմակերպել եւ տարուան ընթացքին արեւմտահայերէնին ուղղուած մեր բոլոր ձեռնարկները խտացնել մէկ ամսուան մէջ: Այսպէս սկիզբ առաւ: Կազմեցինք 24 ծրագիր: Անցեալ տարի շատ լաւ կազմակերպուած չէինք, քանի որ մեզի համար ալ նոր էր գաղափարը: Այս տարի աւելի կազմակերպուած ձեւով նետուեցանք գործի, ծրագրերը ներկայացուցինք եւ ծախսերուն գոնէ կէսը կրցանք ապահովել: Խանդավառութիւնը մեծ էր, ծրագրերուն թիւը հասաւ 50-ի։ Մտածեցինք 50-ով դիմել՝ յուսալով, որ գոնէ կէսը կ՚ընդունուի եւ կը սկսինք, բայց մեր ակնկալածին պէս չեղաւ. 50 ծրագրերն ալ ընդունուեցան:

«ՆՅ» – Ինչպէ՞ս կրցաք իրականացնել բոլոր 50-ը, ոչ միայն աշխատանքի, այլեւ ֆինանսական գետնի վրայ։
ԺՊԻՏ – Կարծեմ բոլորը պատրաստ էին՝ թէ՛ մենք, թէ՛ կամաւոր աշխատակիցները: Ամէն մարդ իսկապէս կ՚ուզէր, որ իրականանան այս հանդիպումները, եւ որքան որ ազատ ժամանակ ունէին՝ տրամադրեցին հանդիպումներուն համար աշխատելու: Մարդուժի պակաս երբեք չզգացինք, որովհետեւ ամէն մարդ ամէն օր հոս էր: Ամէն ինչ հեզասահ ընթացաւ, մէկը միւսը ամբողջացուց, ապա թէ ոչ 50 ծրագիր մէկ ամսուան մէջ իրականացնելը գրեթէ անկարելի է: Մեր անձնական ազատ ժամանակը տրամադրեցինք ծրագրին, բայց սա միեւնոյն ատեն ազատ ժամանակ էր մեզի համար՝ տարբեր մարդոց հետ հանդիպելու եւ զանոնք ճանչնալու տեսակէտէն: Խորհուրդն ալ ունեցաւ իր կարեւոր դերը. Վահագնը, Գորայը, Միհրանը եւ Վարդանը վստահութիւն ունէին մեր հանդէպ, եւ ամէն մարդ այդ վստահութեամբ ներշնչուած աշխատեցաւ: Դիւրին է խորհուրդին հետ հաղորդակցիլը, մթնոլորտը հարազատ է եւ անմիջական, ինչ որ դրական եւ էական է խմբային աշխատանքներու համար:

աշխատանոցի բակին մէջ
«ՆՅ» – Ծրագրերը ո՞վ կը կազմէ։
ՎԱՀԱԳՆ – Մի քանի ժողովներու արդիւնք են: Ժողովներուն երբեմն կը մասնակցէին միութեան խորհուրդէն եւ հոգաբարձութենէն անդամներ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ կամաւորները: Այս եռանկիւնին վրայ հիմնուած է Միութիւնը՝ խորհուրդ, հոգաբարձութիւն եւ կամաւորներ: Այս ժողովներուն ընթացքին ամէն մարդ իր գաղափարները, միտքերը յայտնեց, իր վստահած անձերուն ներկայութիւնը դրաւ սեղանին: Ես Անահիտը (Սարգիսեան) առաջարկեցի, Վարդանը եւ Միհրանը երաժշտութեան առնչուող ձեռնարկներու մասին գաղափարներ յայտնեցին, Նարօտը՝ Գայիանէն (Կավրիլօֆ), Թինան (Քոփմա)… առաջարկեց: Տարբեր տեսակ աշխարհներ հոս բերելու եւ ձեւով մը զանոնք իրարու քով դնելու արդիւնքն է: Նաեւ որոշում մը կայացուցինք այս տարի ամէն դպրոցի մէջ ձեռնարկ մը ընելու, որուն համար Ժպիտն ու Նարօտը ցանկ մը կազմեցին, կապեր հաստատեցին, եւ դպրոցներուն մէջ իրականանալիք ծրագրերը համակարգեցինք: Այս ամսուան ընթացքին երկուքական հոգիով բոլոր դպրոցները այցելեցինք: Այսինքն՝ «Հանդիպում»-ը նաեւ ծառայեց դպրոցներուն հետ կապ հաստատելու մեր նպատակին, այդ քայլը կարեւոր էր: Հանրային ձեռնարկներն ալ որոշեցինք որ անպայման իրականանան համագործակցող հաստատութեան մը հետ։ Օրինակ՝ բարբառներու ձեռնարկը Դպրեվանքին մէջ իրականացաւ, Անահիտին գրական ձեռնարկը Արասին հետ ըրինք, եւ այսպէս շարունակաբար:

«ՆՅ» – Մարտը «Հանդիպում»-ներու ամիսն էր. շարունակութիւն պիտի ունենա՞յ այս տարի։
ՎԱՀԱԳՆ – Այս աշխատանքին համար դրամաշնորհ մը ստացանք Culture Speak կազմակերպութենէն, որ Եւրոպական Միութեան հովանաւորութեամբ ծրագրերու կ՚օժանդակէ: Դիմեցինք եւ ստացանք: Իրականութեան մէջ մեր ձեռնարկները մէկ ամիս կը տեւեն, բայց ծրագիրը վեցամսեայ է, այսինքն՝ հինգ ամիս նախապատրաստական հանգրուան մը ունինք: Ծրագիրը ընդհանուր առմամբ համակարգողը Նարօտն էր:
ՆԱՐՕՏ – Օրինակի համար, ծրագրի ձեռնարկներէն Սէօլէօզ ճամբորդութիւնը, եղանակի աննպաստ ըլլալուն պատճառով, չիրականացաւ։ Մտածեցինք այդ ձեռնարկին գումարը ուրիշ ծրագրի մը յատկացնել: Որոշեցինք Յունիսին երեք օրով հրաւիրել Անահիտը, որպէսզի ուսուցիչներուն հետ աշխատանք մը եւս կատարէ, քանի որ ուսուցիչները շատ մեծ հաճոյք ստացան Գարակէօզեան հիմնարկին մէջ Անահիտին հետ հանդիպումէն:

«ՆՅ» – Իսկ անկէ ետք ինչպէ՞ս պիտի ընթանան հանդիպումները տարուան ընթացքին։
ԺՊԻՏ – Մենք արդէն ամիսը անգամ մը հանդիպում մը կ՚ունենանք, անպայման հայերէնով ձեռնարկ մը կը կազմակերպենք: Թրքերէնով ալ ձեռնարկներ կ՚ունենանք՝ երբեմն Արասին ծրագրերուն ալ մաս կազմելով: Բայց մեր ձեռնարկները ընդհանրապէս կ՚ընթանան գիրքի մը ընթերցումով, խաղի մը, ֆիլմի մը ցուցադրութեամբ կամ նիւթի մը շուրջ:
ՎԱՀԱԳՆ – Ձեռնարկները կրնան նաեւ հանրային չըլլալ, քանի որ Եսայեան միութեան առաքելութիւնն է՝ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ օգնել ուսումնասիրող, պրպտող ակադեմական աշխատանքներուն՝ թէ՛ պրպտումներով, թէ՛ տարածքի տրամադրմամբ: Դպրոցները միշտ կ՚այցելեն Արաս եւ Եսայեան միութիւն: Սա սովորութիւն դարձած է պոլսահայ համայնքին մէջ: Խումբ մը ուսուցիչներ անպայման կ՚ուզեն իրենց աշակերտներուն հետ Արաս եւ Միութիւն այցելել: Նախապէս միայն Արասն էր, հիմա՝ Արասն ու Միութիւնը:

«ՆՅ» – Իսկ դուք երբ դպրոց երթաք, ի՞նչ աշխատանոցներ կ’իրականացնէք։
ՆԱՐՕՏ – Օրինակ՝ Վահագնին հետ Էսաեան վարժարան գացինք: Էսաեանը հրաւիրած էր ութերորդ դասարանի բոլոր աշակերտները, եւ զանազան աշխատանոցներ տեղի ունեցան: Մենք իրենց հետ պատրաստեցինք խմորատիպ յատուկ պարբերաթերթին՝ «Հարկաւ»-ի բացառիկ թիւը: «Հարկաւ»-ը նոր երկամսեայ պարբերաթերթ մըն է, ուր կը հրատարակուին պատանիներու գրութիւնները: Արդէն չորս թիւ լոյս տեսած է: Ութերորդ դասարաններու բոլոր աշակերտներուն աշխատանքները հրատարակեցինք անոր բացառիկ թիւին մէջ:
ՎԱՀԱԳՆ – Օրինակ, Մխիթարեան վարժարան գացինք եւ բանաւոր պատմութեան աշխատանոց մը վարեցինք։ Ձեւով մը բացատրեցինք բանաւոր պատմութեան անհրաժեշտութիւնը եւ թէ ինչո՞ւ կարեւոր է զայն հաւաքելը: Սա իրենց ուսուցիչներուն նախաձեռնութիւնն էր: Գիտէին որ նման աշխատանքներ կը տանինք, այցելեցին կեդրոն եւ առաջարկեցին մեզի այցելել Մխիթարեան ու աշակերտներուն հետ կատարել նման աշխատանոց մը: Դպրեվանքի ուսանողներուն շարադրութիւնները, գրական աշխատանքները մեկնաբանելու առաջարկ ալ ստացանք: Գացինք, կարդացինք ուսանողներուն պատմուածքները. 15 հոգի գրած էր, մեկնաբանեցինք իրենց գրութիւնները: Քանի որ սահմանուած ժամանակը անբաւարար էր, անոնք ուսուցիչներուն հետ այցելութիւն մըն ալ տուին մեզի, եւ հոս շարունակուեցաւ քննարկումը:
ՆԱՐՕՏ – Նուիրատու մը գումար մը տրամադրեց եւ առաջարկեց, որ այդ գումարով բաժնենք «Հարկաւ» պարբերաթերթը: Հաշուեցինք եւ 10-11-րդ դասարաններու 80 աշակերտի նուիրեցինք զայն: Ասկէ խանդավառուելով՝ աշակերտ մը թրքերէն ոտանաւոր մը հայերէնի թարգմանեց եւ մեզի ղրկեց, որպէսզի լոյս տեսնէ նոր «Հարկաւ»-ին մէջ:
«ՆՅ» – Դպրոց-Միութիւն կապը ինչպիսի՞ բնոյթ կը կրէ, ինչպիսի՞ աշխատանքներու վրայ կը կեդրոնանայ։
ՎԱՀԱԳՆ – Միութիւնը շատ կարեւորութիւն կու տայ դպրոցներուն հետ կապին: Քիչ մը Արասէն ժառանգած ենք այս մօտեցումը: Արասը իր հայերէն հրատարակութիւններուն աշխատանքը միշտ կ՚ուղղէ դպրոցներուն: Անշուշտ միայն դպրոցին չէ ուղղուած, այլ նաեւ՝ հանրութեան, երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ հայերէն չգիտցող անձերու: Հայերէնով ձեռնարկներ կ՚ընենք, բայց տարուան 12 ամիսներուն մեր ձեռնարկները միայն հայերէնով չեն: Թրքերէնով ֆիլմ կը դիտենք, զրոյց կ՚ըլլայ, հայկական մշակութային ժառանգութեան դասախօսութիւններ կ՚ըլլան, երբեմն ալ գրական հանդիպումներ՝ Արասին հետ գործակցաբար: Հայերէնը կեդրոնն է, նա՛խ հայալեզու է, բայց ո՛չ միայն:
ՌՈՒՏԻ – Ես կամաւոր եմ, համալսարան կ՚ուսանիմ եւ ազատ ժամերս կ՚անցընեմ Եսայեան միութեան մէջ: Մենք տեղի մը պէտք ունինք, հայերէնով զուարճանալու տեղ մը, ուր լսենք հայերէն, խօսինք, ծանօթանանք նոր ընկերներու: Եսայեանը երեք տարուան միութիւն մըն է, եւ ահաւասիկ 50 ծրագիր ունեցող փառատօն մը իրականացուց. սա ցոյց կու տայ, որ մարդիկ հոս գալով կապ մը կը ստեղծեն, եւ ճիշդ այդ կապով է որ կ՚իրականանայ այս ամէն ինչը: Մշակոյթ պահելը միայն խօսքով չ՚ըլլար. այսպիսի աշխատանքներո՛վ է որ պիտի կարենանք պահել մշակոյթը:
«ՆՅ» – Ինչպէ՞ս կարելի է հետեւիլ ձեր ծրագրերուն։
ՎԱՀԱԳՆ – Արասի կայքէջին (yesayan.org) վրայ ներկայացուած են «Հանդիպում»-ի 50 ծրագրերը: Կայքէջը ունի նաեւ պլոկ մը արդէն 4-5 ամիսէ ի վեր, որ հայերէն եւ թրքերէն է, ուր առայժմ տեղադրուած է 15 յօդուած: Պլոկը բաց է դուրսէն գրութիւններ ընդունելու համար, նիւթի ընտրութիւնն ալ ազատ է: Վարդան Էսդուգեանն ու Նայիրի Սիմքէշեանը ստանձնած են պլոկին եւ «Հարկաւ» պարբերաթերթին աշխատանքները: Կայքէջը ունի նաեւ մեր գիրքերուն ցանկը՝ քաթալոկը՝ 7000 անուն գիրք, որուն 4000-ը հայերէն է: Հոն հասանելի է նաեւ բառարան մը՝ Գեղամ Քերովբեանի «Իշքոլ» բառարանը. Նայիրի կայքէջին պէս կարելի է բառ որոնել հոն: Կայքէջին մէջ կայ նաեւ արխիւներու քաթալոկ մը. Եդուարդ Թովմասեանի արխիւը ամբողջութեամբ թուայնացուած է հոն: Կայքէջը նաեւ ուսումնասիրութեան գործիք է հետազօտողներու համար: Շուտով հանրապետութեան շրջանի ձեռնարկներուն արխիւն ալ հասանելի պիտի ըլլայ կայքէջէն՝ Պոլսոյ այդ շրջանի մշակութային կեանքին իրազեկ ըլլալու համար: Ան, հանրապետութեան շրջանին մօտ 200 կարեւոր, անկիւնադարձային ձեռնարկներու արխիւն է: Օրինակ՝ 1965-ին Գոհար Գասպար-եան այցելած է Պոլիս, համերգ տուած է, եւ մշակութային կեանքը նոր փուլ թեւակոխած է անկէ ետք: Կը կարծենք, որ գաղութին պատմութիւնը այս արխիւներուն ընդմէջէն ձեւով մը պիտի արտացոլայ:
«ՆՅ» – Անցեալ տարուան «Հանդիպում»-ին հետ համեմատելով, ի՞նչ տարբերութիւն կը գտնէք երկուքին միջեւ։
ՆԱՐՕՏ – Շատ տարբերութիւն կայ մասնակիցներու թիւին առումով: Անցեալ տարի կազմակերպուելու համար շատ ժամանակ չունէինք: Այս տարի Պոլսոյ բոլոր լրագիրները այցելեցինք՝ ՄԱՐՄԱՐԱ, ԺԱՄԱՆԱԿ, ՓԱՐՈՍ, եւ լուրերը տարածուեցան, ընթացքին ալ անդրադարձ եղաւ: Նոյնպէս այլ միութիւններու հետ համագործակցութիւնը այս տարի աւելի համակարգուած էր, ինչ որ օգնեց աւելի տարածուելու: Այս տարի բոլոր դպրոցներուն մէջ կազմակերպեցինք ձեռնարկներ, մինչդեռ անցեալ տարի այդ սկզբունքը չունէինք, եւ քանի մը ձեռնարկ ջնջուեցաւ: Այս տարի հինգ համերգ ունէինք՝ Քերովբեաններուն համերգը, Մեծ Պազարին երկու համերգները, Հայկ Եազըճեանի համերգը եւ «Հող» խումբին համերգը. գրեթէ բոլորին տոմսերը սպառած էին: Համերգներուն ներկաները միայն հայեր չէին:
ՎԱՀԱԳՆ – Անցեալ տարի բոլոր ձեռնարկներու մասնակիցներուն ընդհանուր թիւը 600 էր (հաշուած էինք), ներառեալ աշակերտները: Այս տարի, կը կարծեմ, տասնապատիկն է. հետագայ հաշուարկները ցոյց պիտի տան այդ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ ■
