Էրտողան իր ուղերձին մէջ շրջանցած է Ցեղասպանութիւն եզրոյթը

Էրտողան

Ապրիլ 24-ի այս տարուան իր ուղերձին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրկին յայտարարած է, թէ Օսմանեան կայսրութեան հայերը իրենց կեանքը կորսնցուցած են Առաջին համաշխարհային պատերազմի դժուարին պայմաններուն մէջ։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանին յղած իր ցաւակցական նամակին մէջ, Էրտողան գրած է, թէ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումը յատկանշուած է բախումներով, հրոսակախումբերու շարժումներով, ահաբեկչութիւններով եւ համաճարակներով, որոնց ընթացքին ալ, ի շարս այլ ժողովուրդներու, հայերը նոյնպէս խոր ցաւեր կրած են։

Էրտողանի ուղերձը ընթերցուած է Պոլսոյ հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին։

«Բախումի փոխարէն կը նախընտրենք համաձայնութիւնը»,– գրած է Թուրքիոյ նախագահը՝ սակայն առանց անդրադառնալու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

«Խաղաղութեան, բարօրութեան ու եղբայրութեան հիման վրայ աւելի ցանկալի օրերու հասնելու յոյսով՝ կը շարունակենք միասնաբար գործել ու պայքարիլ մեր բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն հետ՝ առանց խտրութիւն դնելու անոնց ազգային կամ կրօնական պատկանելիութեան միջեւ»,– նշած է ան։

Անգարան կը շարունակէ ժխտել եւ չ’ընդունիր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը։