Զախարովա. «ԵՄ-ի նոր առաքելութիւնը պիտի փորձէ ազդել Հայաստանի ընտրութիւններուն վրայ»
Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) Հայաստանի մէջ իր քաղաքացիական առաքելութեամբ «պիտի փորձէ ազդել խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ»,– յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա։
Ան աւելցուցած է, որ ԵՄ-ի նոր գործիքակազմը Պրիւսէլին պիտի տրամադրէ յաւելեալ լծակներ՝ հայկական նախարարութիւններուն եւ ազգային հաստատութիւններուն վրայ ազդելու համար։
Եւրոպական Միութիւնը այս շաբաթ հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի մէջ նոր քաղաքացիական առաքելութեան, որ պէտք է օգնէ Երեւանին պայքարելու խառնաձեւ (հիպրիտային) սպառնալիքներու՝ ընտրական գործընթացներու օտարերկրեայ շահարկումներուն, առցանց յարձակումներուն եւ ապօրինի քաղաքական գանձատրման դէմ։ Առաքելութիւնը պիտի սկսի գործել յառաջիկայ ամիսներուն, պիտի ունենայ երկու տարուան լիազօրագիր եւ պիտի կոչուի «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան առաքելութիւն» (EUPM Armenia)։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է առաքելութեան վերաբերող որոշումը։
Զախարովա յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները թոյլ պիտի չտան երկրին մէջ ԵՄ-ի նոր առաքելութեան, «որու նպատակն է Երեւանը ներքաշել հակառուսական քաղաքականութեան մէջ»։
