Փաշինեանի աղմկայարոյց յայտարարութիւնները

Screenshot

Screenshot

«Ղարաբաղը մերը չէ եղած, զայն օգտագործած են, որպէսզի Հայաստանն ալ մերը չըլլայ»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ, Մայիս 8-ին, Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր սահմանամերձ գիւղին մէջ կազմակերպուած նախընտրական արշաւի հաւաքին՝ հանդէս եկած է Արցախի հարցին վերաբերող աղմկայարոյց յայտարարութիւններով։ Իր կուսակցութեան 16 թիւը կրող վերնաշապիկով ելոյթ ունենալով՝ ան Արցախեան շարժումը որակած է «ճակատագրական սխալ»։

Անդրադառնալով Արցախի կորուստին եւ անոր պատմական պատկանելիութեան խնդրին՝ Փաշինեան սուր քննադատութեան ենթարկած է նախկին տարիներու հռետորաբանութիւնը։

Վարչապետին արտասանած խօսքին ամբողջական բաժինը՝ ստորեւ.

«Այսօր ինչ կը խօսին, կ՚ըսեն՝ բա Ղարաբաղը, բա Արցախը, բա Ղարաբաղը, բա Արցախը։ Բա նախորդ շրջանին ալ ինչ խօսած ենք, ըսած ենք՝ բա Ղարաբաղը, բա Արցախը, բա Ղարաբաղը, բա Արցախը… Բա վերջը ի՞նչ պարզուեցաւ։ Կ՚ըսեն՝ հող կորսնցուցինք։

Այդ հողը ինչո՞վ մերը եղած է։ Ինչո՞վ մերն է։ Անգամ մը բացատրեցէք՝ ինչո՞վ մերը եղած է։ Չեմ ուզեր մահացած մարդոց ետեւէն խօսիլ, բայց ըսենք՝ քանի մը զօրավարներու տիրապետութեան տակ, որ ցորեն ցանեն հոն… ըսենք ենթադրենք ատիկա եղած է։ Ինչո՞վ մերը եղած է։ Անգամ մը բացատրեցէք՝ հոն դպրոց կառուցած ենք, մանկապարտէզ կառուցած ենք, գործատուն կառուցած ենք, ապրա՛ծ ենք հոն, [եղած է մեր] բնակավայր[ը] [բայց,] ինչո՞վ մերը եղած է։

Մերը չէ եղած: Ոչ միայն մերը չէ եղած, այլեւ օգտագործուած է այն նպատակին համար, որ Հայաստանն ալ մերը չըլլայ։

Ես պատասխանատու կերպով կ՚ըսեմ, եւ այո՛, կ՚ըսեմ՝ ես այդ ճամբան անցած եմ։ Ես այնպէս չէ, որ այդ գաղափարին նուիրուածութեան պակաս ունեցած եմ։ Ընդհակառակն, այդ գաղափարին նուիրուածութեամբ է, որ հասած եմ այս եզրակացութեան։

Որ կ՚ըսեն՝ Ղարաբաղը մերն էր, այլեւս մերը չէ… սո՛ւտ է ատիկա։ Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստանը մերը չէր, հիմա մե՛րն է, որովհետեւ դուք տէրն էք Հայաստանի Հանրապետութեան…»։

Ան անգամ մը եւս աւելցուցած է, որ «Ղարաբաղեան շարժումը ճակատագրական սխալ մը եղած է մեզի համար»։

Էդուարդ Շարմազանով. «Փաշինեա՛ն, Արցախը եթէ մերը չէր, ինչո՞ւ 5000 լոյսի կտոր տղաք զոհեցիր»

Կարելի է ենթադրել, թէ ինչպիսի՛ աղմուկ բարձրացուցած են Փաշինեանի այս յայտարարութիւնները։ Անոնցմէ յիշենք միայն օրինակ մը՝ Սերժ Սարգսեանի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն Մարմինի անդամ Էդուարդ Շարմազանովի՝ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած գրառումը, որ ձեւով մը խտացումն է այս առիթով հնչող դժգոհ արձագանգներուն. 

«Փաշինեա՛ն, եթէ Արցախը մերը չէր, ինչո՞ւ 5000 լոյսի կտոր տղաք զոհեցիր։

Ինչո՞ւ կը գոչէիր՝ Արցախը Հայաստա՛ն է եւ վերջ։

Ինչո՞ւ կ՚ըսէիր՝ ի՛նչ որ հարկ է՝ պիտի բանակցիմ։

Ինչո՞ւ Արցախի երեսփոխաններուն կ՚ըսէիր, թէ նոյնիսկ Ալիեւը հասկցած է, որ Արցախը Ազերպայճանին մաս չի կազմեր։

Ինչո՞ւ որդիդ Արցախ ծառայութեան ղրկեցիր։

Ինչո՞ւ կը գոչէիք՝ նո՛ր պատերազմ, նո՛ր տարածքներ։

Ու միշտ յիշէ քու սիրելի ԵՄ-ի պաշտօնեայ Խոսեփ Պորէլի խօսքերը. “Փաշինեանը առաջին հայ ղեկավարն է, որ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցաւ որպէս Ազերպայճանի մաս”։

Արցախը դո՛ւն յանձնեցիր եւ վե՛րջ»։