Լոնտոնի պատժամիջոցները. Հայաստանի մէջ կը ծրագրէին իշխանափոխութիւն
Լոնտոնի պատժամիջոցներուն ենթարկուած կառոյցը Հայաստանի մէջ ծրագրած էր իշխանափոխութիւն՝ ի նպաստ ռուսամէտ գործիչներու
Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է շարք մը ռուսաստանեան կառոյցներու եւ շուրջ յիսուն ռուսաստանցիներու դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին։ Լոնտոնը զանոնք կը մեղադրէ «Ուքրաինայի մէջ ժողովրդավարութեան թուլացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ընտրութիւններուն միջամտելու փորձերու» յանցանքով։
Բրիտանական կառավարութեան պնդումով՝ պատժամիջոցներու թիրախ դարձած կառոյցներէն մէկը՝ Մոսկուայի մէջ գործող «Ընկերային նախագծման գործակալութիւն»-ը (Social Design Agency), «արշաւներ կը ծրագրէր, որոնց նպատակը Հայաստանի մէջ ռուսամէտ կազմակերպութիւններու ստեղծումն էր եւ իշխանափոխութիւնը՝ ի նպաստ ռուսամէտ գործիչներու»։
Լոնտոնի պատժամիջոցներուն ենթարկուած մէկ այլ ռուսական կառոյց՝ «ԱՆՕ Տիալոկ» (АНО Диалог) կազմակերպութիւնը, ըստ Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան, «Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան միջամտելու ուղղուած իր ծրագրերը կը համակարգէր Ռուսաստանի հետախուզութեան հետ»։
Լոնտոնի մէջ Ռուսաստանի դեսպանատունը արդէն իսկ արձագանգած է բրիտանական կառավարութեան յայտարարութեան՝ զայն որակելով «անհեթեթ»։
«Լոնտոնի նոր-գաղութատիրական քաղաքականութիւնը, որ նախապէս արդէն իսկ յանգեցուցած է Քիեւի մէջ պետական յեղաշրջման, այժմ ալ թիրախաւորած է Հայաստանը։ Արեւմուտքը ինք պէտք է դադրի միջամտելէ գերիշխան պետութիւններու գործերուն, ինչպէս ատիկա վերջերս տեղի ունեցաւ Մոլտաւիոյ եւ Ռումանիոյ մէջ։ Գողն է, որ առաջինը կը պոռայ՝ ՙբռնեցէ՛ք գողը՚»,– յայտարարած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպանատունը։
