Թուրքիան եւ Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով ուղղակի առեւտուր կը սկսին

Ապրանք

Անգարան վերցուցած է տասնամեակներու արգելքը

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Մայիս 13-ին յայտարարեց, թէ աւարտած է Հայաստանի հետ ուղղակի առեւտուր սկսելու համար պահանջուող դիւանակալական նախապատրաստութիւնները՝ վերացնելով երկարամեայ սահմանափակում մը, որ երեք տասնամեակէ ի վեր կը ստիպէր Հայաստան ուղարկուող թրքական ապրանքները տարանցել երրորդ երկրի մը վրայով եւ վերարտածել՝ գործնականապէս ջնջելով Հայաստանի անունը թրքական մաքսային փաստաթուղթերէն։

Այս փոփոխութիւնը, որ ի զօրու դարձած է 2026 Մայիս 11-ին, այսուհետեւ ապրանքներու շրջանառութեան համար կ՚արտօնէ պաշտօնապէս նշել երկու երկիրներուն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիայի անունները, որպէս ուղարկող կամ ստացող երկիր։ Ասիկա կը հանդիսանայ 2022-ին վերսկսած հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթի առաջին շօշափելի կանոնակարգային արդիւնքը, ինչպէս նաեւ այն բովանդակային քաղաքականութիւնը, որուն մասին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ակամայ ակնարկած էր Երեքշաբթի, Մայիս 12-ին, Երեւանի Շէնգաւիթ համայնքին մէջ ընթացող քարոզարշաւի հանրահաւաքի մը ընթացքին։ Ան չանդրադառնալով, որ խօսափողը բաց է, այս մասին փորձած էր բաներ մը փսփսալ վարչապետ Փաշինեանի ականջին, ըսելով՝ «Թուրքերը այսօր կը բանան…»։ Իր ըսածները լսուած էին բարձրախօսէն, ի դէպ առանց հասկնալի ըլլալու թէ ինչի՛ մասին էր խօսքը։ Աւելի ուշ, Փաշինեան լրացուցիչ տեղեկութիւններ տալով՝ բացատրած էր, թէ Թուրքիոյ հետ ապրանքներու շրջանառութեան մասին էր։

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էօնճիւ Քեչելի նշած է, որ «երկու երկիրներուն միջեւ հասարակաց սահմանի բացման ուղղուած անհրաժեշտ արհեստագիտական եւ դիւանակալական աշխատանքները կը շարունակուին»՝ խօսոյթ մը, որ տարիներէ ի վեր կը կրկնուի, առանց սահմանի իրական բացման յանգելու։

Յայտարարութիւնը այս քայլը կը ներկայացնէ որպէս աւելի լայն տարածաշրջանային տեսլականի մը մասը՝ նշելով, որ Անգարան պիտի շարունակէ նպաստել Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական կապերու զարգացման եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան խորացման՝ ի շահ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն։ Այս բառապաշարը կը ցոլացնէ Թուրքիան որպէս տարածաշրջանին կապող ենթակառոյց դարձնելու Էրտողանի դիրքորոշումը։

Հայաստանի արձագանգը

Երեւան ողջունած է այս քայլը՝ առիթը օգտագործելով շեշտելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման համընդհանուր օրակարգին կարեւորութիւնը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան յայտնած է, որ Նախարարութիւնը կ՚ողջունէ սահմանափակումները վերացնելու Թուրքիոյ որոշումը՝ զայն որակելով «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին նոր մէկ արդիւնքը»։