Արեւմուտքը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղղակի առեւտուրի հաստատումը
Միացեալ Նահանգները ողջունած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի առեւտուրի սահմանափակումները վերացնելու մասին յայտարարութիւնը։
«Այս քայլը ցոյց կու տայ տնտեսական կապերը ընդլայնելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութիւնն ու բարեկեցութիւնը խթանելու երկու երկիրներուն յանձնառութիւնը»,– նշուած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանատան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
ԵՄ-ը եւս կ՚ողջունէ
Եւրոպական Միութիւնը եւս ողջունած է այս զարգացումը։
«Մենք կը քաջալերենք երկու երկիրները՝ շարունակելու համագործակցութիւնը, ներառեալ՝ հասարակաց սահմանի բացման ուղղութեամբ», – յայտարարած է ԵՄ-ի արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան բանբերը՝ աւելցնելով, որ այս քայլը կրնայ նպաստել երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի եւ տնտեսական կարելիութիւններու ընդլայնման՝ դրական ազդեցութիւն ունենալով ամբողջ Հարաւային Կովկասի, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի վրայ։
