Խուզարկութիւն «Հայաստան» դաշինքի գրասենեակին մէջ. ձերբակալութիւններ
Միւս կողմէ՝ Փաշինեան կը պնդէ Քոչարեանի բանտարկութեան անհրաժեշտութեան վրայ
Եղծանման դէմ պայքարի (Հակակոռուպցիոն) յանձնախումբը Մայիս 14-ի առաւօտեան խուզարկած է ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի Սպիտակի գրասենեակը. կան ձերբակալուածներ։ Յանձնախումբէն առայժմ չեն յայտնած, թէ ի՞նչ հիմքով մարդիկ ձերբակալուած են եւ քանի՛ հոգի են անոնք։ Կառոյցին բանբերը միայն հաստատած է խուզարկութեան լուրը։
Երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի առաջնորդած դաշինքը դատապարտած է տեղի ունեցածը՝ յայտարարելով. “Սա ոչ թէ իրաւական գործընթաց է, այլ յաջորդական աժան փորձ՝ խոչընդոտելու մեր կառոյցներու բնականոն աշխատանքը։ Որեւէ խուզարկութիւն կամ ձերբակալութիւն չի կրնար փոխել մեր քաղաքական օրակարգը”։ Նշենք, որ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ սա առաջին քրէական վարոյթն է, որ կ՚առնչուի նախկին նախագահի առաջնորդած քաղաքական ուժին։
«Ռոբերտ Քոչարեանը պէտք է բանտարկուի»
Միւս կողմէ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 14-ին՝ քարոզարշաւի 7-րդ օրը Աջափնեակի մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած է, թէ Մարտ 1-ի գործը հարիւր տոկոս ու բոլոր մանրամասնութիւններով բացայայտուած է՝ շեշտելով, որ Ռոբերտ Քոչարեանը «պէտք է նստի» (բանտարկուի)։
Այս գործի բացայայտման մասին Փաշինեան յայտարարած էր նաեւ խորհրդարանական նախորդ՝ 2021-ի ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքին. մինչեւ օրս, սակայն, այս գործով ոեւէ մէկը չէ դատապարտուած կամ մեղաւոր ճանչցուած։
Յիշեցնենք, որ երկրորդ նախագահն ու անոր նախկին ենթակաները 2021-ին արդարացուած էին Սահմանադրական դատարանի որոշման հիման վրայ, որով Բարձրագոյն դատարանը հակասահմանադրական ճանչցած էր Քոչարեանին դէմ յարուցուած՝ սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանքը։ Սակայն, Վճռաբեկ դատարանը բեկանած էր այս որոշումը եւ գործը ուղարկած նոր քննութեան, որուն հիման վրայ Քոչարեանին եւ անոր նախկին ենթականերուն դէմ արդէն մեղադրանք յարուցուած է պաշտօնի լիազօրութիւններու զանցման յօդուածով։
Թէեւ այս յօդուածին համար սահմանուած ժամանցելիութեան պայմանաժամը լրացած է, սակայն քանի մը օր առաջ Գլխաւոր դատախազը Ազգային ժողովին մէջ յայտարարած էր, թէ փաստերը «թոյլ կու տան պնդել», որ այս պարագային «գործ ունինք բռնութեամբ զուգորդուած՝ իշխանական լիազօրութիւններու զանցման հետ, ինչ որ ժամանցելիութեան պայմանին ենթակայ չեղող յանցագործութիւն է»։
