Վոլոտին. «Ուքրաինայի մէջ ալ ամէն ինչ ճիշդ այսպէս սկսեր էր»
Ռուսաստանի խորհրդարանի վարին պալատի՝ Պետական Տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտին Մայիս 12-ին զուգահեռներ գծած է տասը տարի առաջ Ուքրաինայի մէջ եւ այսօր Հայաստանի մէջ ընթացող հոլովոյթներուն միջեւ։
«Ուքրաինայի մէջ ալ ամէն ինչ ճիշդ այսպէս սկսեր էր»,– МАХ ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է Վոլոտին։
Անդրադառնալով Ուքրաինայ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի՝ Երեւան կատարած այցելութեան, Վոլոտին նշած է. «Ակնյայտ է, որ Նիկոլ Վովայեւիչի (Փաշինեանին մասին է – «ՆՅ») այդ քայլը բարեկամական չէր ո՛չ մեր երկրին, ո՛չ Ռուսաստանի քաղաքացիներուն եւ ո՛չ ալ նոյնիսկ հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Այսօր բոլորին համար ալ ակնյայտ մէկ հարց գոյութիւն ունի. ինչպէ՞ս պիտի զարգանան մեր երկիրներուն յարաբերութիւնները Փաշինեանի՝ նման արարքներէն ետք։ Մեր պետութիւնները պիտի մերձենա՞ն, թէ՞ պիտի հեռանան իրարմէ։ Յարաբերութիւններու մէջ լարումը աւելի՞ պիտի ըլլայ, թէ՞ նուազ։ Ամենայն հաւանականութեամբ՝ երկրորդը։ Ակամայ զուգահեռներ կը յառաջանան։ Ուքրաինայի մէջ ալ ամէն ինչ ճիշդ այսպէս սկիզբ առաւ»։
Երեւանի մէջ եւրոպացի առաջնորդներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջոցառումներէն ետք, պաշտօնական Մոսկուայէն կոշտ յայտարարութիւններ հնչեցին։ Նախ՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը դժգոհութիւն յայտնեց, ապա նախարարութիւն կանչեցին Հայաստանի դեսպանը՝ Ուքրաինայի նախագահին Երեւան կատարած այցելութեան կապակցութեամբ վրդովում յայտնելով, ինչպէս նաեւ պնդելով, թէ չեն կրնար աչք գոցել դէպի Պրիւսէլ մերձեցող Երեւանի քայլերուն վրայ։
Յիշեցնենք, որ Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Երեւանի մէջ յայտարարած էր, յատկապէս, թէ Մոսկուան այս տարի որոշած է զօրահանդէսը առանց ռազմական զինամթերքի եւ կառքերու կազմակերպել, քանի որ «նաեւ կը վախնան, որ զօրահանդէսի պահուն Կարմիր հրապարակին վրայ անօդաչուներ բզզան»։
